Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնդ Շնորհաւոր` Հայկական Բանակ

January 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

10406347_10155168363035424_2130010983094957551_n1992 յունուար 28-ին ծնունդ առած է մեր բանակը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ազգային մեր կերպարի, հաւատքի, ոգիի եւ խաղաղութեան պաշտպանը, եւ որ ունի արմատներ, որոնք կը հասնին մեր պատմութեան հողմակոծ դարերու խորքը:

Եւ ամէն տարի, յունուար 28-ին համայն հայութիւնը կը տօնէ իր բանակի ծննդեան տարեդարձը:

Ու այս թուականը նուիրական է մեր ժողովուրդի տարեգրութեան մէջ: Դարերէ ի վեր երազած էինք ունենալ զայն: Ահա թէ ինչո՞ւ համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան օրը կամ այս տարեդարձը:

Հայ ենք, ու պատմութիւնը վկայ` իբրեւ բանակ համայն ժողովուրդով, մեր այրուձիով, մեր մեծով ու պզտիկով, միշտ կռուած ենք կեանքի, ազատութեան եւ մահուան համար:

Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն մեզ դարերէ ի վեր առաջնորդած են դէպի յառաջ` խրոխտ յաղթանակներու եւ յաւերժական կեանքի ու յաւիտենականութեան:

Ահա մեր բանակին եւ անոր ծառայող հայորդիներուն յատկանիշներն ու չափանիշները:

Հաւատացէ՛ք, աշխարհին վրայ չկայ ուրիշ ժողովուրդ, որ այնքան զոհաբերած ըլլայ իր երկրի ազատութեան եւ յանուն անոր անկախութեան: Եւ այս բոլորը շնորհիւ մեր բանակին, որ ունի պատմական նշանակալից առաքելութիւն:

Այս է մեր ազգային կեանքի գաղտնագիրը, որ իբրեւ պատգամ սերունդէ սերունդ մեզի փոխանցուած է հաստատապէս: Այս է նաեւ մեր` իբրեւ ազգ եւ ժողովուրդ, յաւիտենապէս ապրելու իմաստը հաստատող բանաձեւը:

Բայց պէտք է անպայման շեշտել, որ մենք խաղաղասէր ժողովուրդ ենք: Մեր արարիչը իբրեւ մեծ խաղաղարար ոչ միայն միշտ պահած է իր խաղաղասէրին, այլ անոր շնորհած ու պարգեւած է անուրանալի կորով, քաջարի ոգի, ազատատենչ շունչ եւ հայրենապաշտ քաջութիւն:

Ահա՛ մենք եւ մեր բանակը:

Լաւատեղեակ ենք ու խոր յարգանքով կը յիշենք Արցախեան պատերազմի արիւնոտ պայքարն ու մեծ յաղթանակը, հայ զինուորին քաջարի ծառայութիւնը, օրինակելի գիտակցութիւնը, հայրենիքի հողի ազատութեան ի խնդիր անոր թափած սուրբ արեան նպատակը:

Մեզի համար այս բոլորը ո՛չ միայն նորութիւններ են, այլ նաեւ ներշնչման աղբիւրներ: Անոր համար բարձրաձայն կ՛աղաղակենք, որ մեր բանակը մեր արժանապատուութիւնն է, մեր հպարտութիւնն է եւ մեր լինելիութեան յաւերժութիւնը: Անիկա նաեւ է՛ մեր պատիւն ու յաղթանակը:

Մեր բանակը կարգապահ մարդոց տեղն է, եւ բանակին ծառայողը լաւատեղեակ է խաղաղութեան, անոր պաշտպանման արժէքին ու իմաստին:

Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ բանակը: Մեզի համար նաեւ առաջնահերթ պարտականութիւն է անտարբեր չմնալ: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք: Պէտք է անոր զօրակցիլ: Միշտ արդիական դարձնել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը:

Մեր ժողովուրդը միշտ բարձր գնահատած է հայ բանակի անդամներուն հայրենասիրական օրինակելի ոգին:

Մեր այս տողերը պարզ պաշտամունքի մը ծնունդն են, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր բանակը մեր երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ կ՛առաջնորդէ:

Յունուար 28-ը մեր բանակի սեփականութեան հրճուանքն է, որ մեզ կը խանդավառէ, որովհետեւ անիկա է, որ մեր հողին ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ:

Թող որ մեր ազգային բանակին ծառայելը բոլորիս համար հպարտութիւն ըլլայ:

Ուստի, ի սրտէ բարի մաղթանք մը մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:

Տարեդարձդ շնորհաւոր` հայկական բանակ:

 

 

Նախորդը

Մենք Շահեկան Վիճակում Ենք, Որովհետեւ Դու Կաս, Հա՛յ Զինուոր

Յաջորդը

«Ասոնք Յիշողութեան Եւ Անմոռացութեան Գործեր Են» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան

RelatedPosts

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*
Անդրադարձ

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

September 25, 2026
Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*
Անդրադարձ

Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*

September 25, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սեպտեմբեր 21-ը՝ Յիշատակի, Խոնարհումի Եւ Ազգային Ուխտի Օր

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.