Հոգեհանգստեան Կարգ Եւ Մոմավառութիւն
Աւետիսեան Ընտանիքի Յիշատակին
Յունուար 21-ին Պարսելոնայի մէջ զետեղուած խաչքարի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Սպանիոյ եւ Փորթուգալի հայրապետական պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ Սասուն ծ. վրդ. Զմրուխտեան կատարեց հոգեհանգստեան կարգ: Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ հայոց եկեղեցին հայ ժողովուրդի կողքին է, իսկ հայ ժողովուրդը` հայ եկեղեցւոյ կողքին: Եկեղեցին եւ հոգեւորականը կ՛ուզեն արդարութիւն եւ կը պահանջեն, որ մարդասպանը իր պատիժը կրէ Հայաստանի մէջ: Հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդին պաշտպանն է եւ` հայ ժողովուրդին իրաւունքները հետապնդողը:
Պարսելոնայի հայկական գաղութին անունով Տաթեւ Սուլեան պահանջեց Աւետիսեան գերդաստանի ոճրային սպանութեան արարքին քննութիւնը, նաեւ շեշտեց, որ հետագային դատաքննութիւնը տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ, Հայաստանի օրէնքներուն համապատասխան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում:
Վրաստան
Յունուար 21-ին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մոմավառութիւն` 19 յունուարին մահացած 6-ամսեայ Սերեոժա Աւետիսեանի եւ 12 յունուարին սպաննուած Աւետիսեան ընտանիքի յիշատակին:
Մանուկ քհնյ. Զէյնալեան կոչ ուղղեց ժողովուրդին` աղօթքով յաղթահարելու վիշտը:
Գիւմրիի մէջ սպաննուած Աւետիսեան ընտանիքի անդամներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մոմավառութիւն կատարուեցաւ նաեւ Ջաւախքի եւ Քուէմօ Քարթլիի եկեղեցիներուն մէջ: Մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Պաթումի Հայաստանի հիւպատոսութեան շէնքին մօտ:
Ուքրանիա
Ուքրանիոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն 12 յունուարին Գիւմրիի մէջ սպաննուած Աւետիսեան ընտանիքի անդամներու յիշատակին:
Քիեւի մէջ պատարագը մատուցեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Շահնազարեան:
Նոր Ջուղա
Հայ Ուսուցիչի Մեծարման Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին, 27 դեկտեմբերին Նոր Ջուղայի հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հայ ուսուցիչի մեծարման երեկոյ:
Կրթական խորհուրդի գործավար Մատլեն Ղարիպեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու ազգային վարժարաններու երկարամեայ ուսուցչուհի հանգուցեալ Անահիտ Կիրակոսեանի յիշատակը:
Կրթական խորհուրդի ներկայացուցիչ Սաթօ Աւետումեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ հայ ուսուցիչները հայեցի դաստիարակութիւն տուող մերօրեայ Մաշտոցներ են, շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով թեմէն ներս կը ծրագրուի իրագործել քաղաքական, մշակութային եւ զանազան տեսակի ձեռնարկներ` «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» նշանաբանով:
«Արմէն» տարրական կրթահամալիրի հայերէնի ուսուցչուհի Միգանուշ Տէր Մարտիրոսեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ իր գործընկեր հանգուցեալ Անահիտ Կիրակոսեանի յատկանիշներուն եւ իւրայատկութիւններուն` ցաւ յայտնելով նման բարի, աշխուժ եւ յանձնառու գործընկերոջ կորուստին համար:
Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հանգուցեալին ամուսինը` Ռազմիկ Տէր Գրիգորեան:
Ձեռնարկի ընթացքին գնահատագիրներ յանձնուեցան բոլոր ուսուցիչներուն: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Թեմական խորհուրդին անունով Նոէլ Մինասեան շնորհաւորեց բոլորը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ ծառայութեան մեծ հնարաւորութիւն: Ան նաեւ յայտարարեց, որ հայ մշակոյթի հանրահռչակման եւ հայապահպանութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած զգալի աւանդի համար Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարին կողմէ պատուոյ գիրի արժանացած է ազգային «Քանանեան» աղջկանց ուղեցոյց եւ միջնակարգ դպրոցի փոխտեսուչ եւ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի «Կռունկ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Ռիմա Սիմոնեանը եւ պատուոյ գիրը յանձնեց անոր: Ռիմա Սիմոնեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին:
Եզրափակիչ խօսքով թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր հայ ուսուցիչներուն, որոնք նուիրական աշխատանք կը տանին: Ան շեշտեց, որ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ ուսուցիչի առաքելութիւնը առաւել եւս նուիրական է սերունդներ դաստիարակելու առումով եւ յորդորեց վերազինուելու գիտութեամբ եւ հայ նոր սերունդին ներշնչելու այնպիսի ոգի, հաւատք ու կամք, որպէսզի ապագային շարունակելով մեր նախնիներու ուղին` մեր արդար իրաւունքներու պաշտպանը հանդիսանան եւ հայու ինքնութիւնն ու արժէքները անաղարտ պահեն:
Թեհրան
«Անէթ» Գիրք-Հաւաքածոյի Շնորհահանդէսը
Վերջերս «Արարատ» մարզաւանի «Շահպազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարման երեկոյ` նուիրուած արուեստագէտ Սէթ Բեգիճանեանի եւ «Անէթ» գիրք-հաւաքածոյին շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար, մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան հանրութեան հետ կապի ընդ. տնօրէն Մոհամետ-Ռասուլ Սատեղի խօսք առնելով` նշեց, որ սոյն ձեռնարկը նուիրուած էր նաեւ «Անէթ» մեծադիր եւ շքեղ գիրք-հաւաքածոյին, որուն հեղինակն է Ահմետ-Ռեզա Տալւանտ:
Տալւանտ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Սէթ Բեգիճանեանի վաստակին ու անոր սկսած աշխատանքը շարունակող որդիներուն` Վրէժին ու Զարեհին, հաստատելով, որ անոնք կրցան գործը զարգացնել նոր գաղափարներով եւ կարողացան կապ հաստատել ճարտարարուեստի ու գեղարուեստի, գեղագիտութեան ու կիրառականին միջեւ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն յաջորդեց գիրքին շնորհահանդէսը:
Փարիզ
Ի. Դարու Ցեղասպանութիւններուն
Նուիրուած Ցուցահանդէս
Յունուար 9-ին Տեսինի Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս մը` նուիրուած Ի. դարու ցեղասպանութիւններուն:
Ցուցահանդէսը կը համախմբէ դաստիարակիչ քսան վահանակներ, որոնք յղացուած են մասնագէտ Իվ Թեռնոնի եւ իրագործուած` Շոայի զոհերու յուշակեդրոնին կողմէ:
Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնի տնօրէնուհի Քաթիա Պուտոյեան հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Փարիզի մէջ սպաննուած լրագրողներուն յիշատակը, ապա յայտնեց, թէ ցուցահանդէսին համեմատական բնոյթ տրուեցաւ նաեւ ցեղասպանական գործընթացին ուսումնասիրութեան եւ վտանգներու աճի ըմբռնումի կարեւորութեան ընդգծումով` կանխարգիլելու համար աղէտները եւ ցեղասպանութիւնները:
Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնի նախագահ Ժիւլ Մարտիրոսեան բացատրեց ցեղասպանութիւն եւ կոտորած եզրերուն փիլիսոփայական երանգային տարբերութիւնները:
Լիոնի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Ժորժ Քեփենեկեան անդրադարձաւ «Շարլի Էպտօ»-ի խմբագրական կազմի սպանդը դատապարտելու համար Լիոնի մէջ կազմակերպուած համաժողովրդական հաւաքին եւ ընդգծեց ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդներու իրարու մերձեցման եւ Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնի ոգիով աշխատելու առաւելութիւնները:
Ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան դիմաց մինչեւ 28 փետրուար 2015:
Վենետիկ
Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Ցուցահանդէս
Հովանաւորութեամբ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Իտալիոյ մշակոյթի նախարարութեան, կազմակերպութեամբ Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանին եւ Միլանոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան, համագործակցութեամբ գերմանական «Մարպախ» գրական արխիւային կեդրոնին, Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան կեդրոնին, Վենետիկի հրէական համայնքին ու Իտալիոյ հայերու միութեան, 9 յունուարին Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմին Թ. Վեկներ. Արդարութիւն հայերու եւ հրեաներու համար» խորագիրը կրող, գերմանացի գրող եւ իրաւապաշտպան Արմին Վեկների` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն առնուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացում:
Ելոյթ ունեցան Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան, «Մարչիանա» ազգային գրադարանի տնօրէն Մաուրիցիօ Մեսինա եւ Միլանոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Փիեթրօ Քուչուկեան:
Նշենք, որ Վենետիկի սոյն ցուցահանդէսը մեկնարկն էր Իտալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Գերմանիա
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած
Համերգ
Յունուար 13-ին Քէօլն քաղաքի «Տոյչլանտֆունք» ձայնասփիւռի կայանի Սենեկային երաժշտութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգ` մասնակցութեամբ միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, երաժշտական կատարողական արուեստի լաւագոյններու շարքին դասուած երիտասարդ երաժիշտներ` Լուսինէ Խաչատուրեանի (դաշնակ), Սերգէյ Խաչատուրեանի (ջութակ) եւ Նարեկ Հախնազարեանի (թաւջութակ):
Համերգին խօսք առաւ Լուսինէ Խաչատուրեան, որ բնութագրեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ յամառօրէն շարունակուող ուրացումը` հրաւիրելով ներկաները մասնակից դառնալու հայ ժողովուրդի սուգին` 100-ամեակին առթիւ եւ դատապարտելու ուրացումը:
Համերգը կ՛ընդգրկէր Պեթհովենի, Սերգէյ Ռախմանինովի, Կոմիտասի եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Արուեստագէտները յայտագրի երկրորդ մասը ձօնեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` արտայայտելու համար իրենց եւ իրենց սերնդակիցներուն պայքարելու վճռակամութիւնը` արդարութեան վերականգնման համար:
Միացեալ Նահանգներ
Օծում Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Յուշարձանին
Երեքշաբթի, յունուար 13-ի երեկոյեան, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Վաչէ արք. Յովսէփեան եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հոգեւորականները հաւաքուեցան Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր առաջնորդը հակիրճ պատգամ մը տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս տեղի ունենալիք առաջին ծրագիրին մասին, որ պաշտօնական բացումն ու օծումը պիտի ըլլար նոր զետեղուած յուշարձանին:
Սրբազանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց յուշարձանի բոլոր նուիրատուներուն եւ անոնց յանձնեց գնահատագիր-վկայականներ: Ապա հոգեւորականները թափօրով սրբազանը առաջնորդեցին մայր եկեղեցւոյ հիւսիսային դռնէն դուրս, ուր սկսաւ արարողութիւնը: Մայր եկեղեցւոյ «Խաչատուրեան» դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Ալենուշ Եղնազարի, երգեց հայ նահատակներուն նուիրուած շարականը: Արարողութիւնը շարունակուեցաւ, իսկ առաջնորդն ու Վաչէ արք. Յովսէփեանը սրբալոյս միւռոնով օծեցին յուշարձանի կողքին զետեղուած խաչքարը: Արարողութեան ներկայ էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան:
Առաջնորդին հրաւէրով երեկոյի ոգեշունչ պատգամը փոխանցեց առաջնորդարանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան:
Հոգեւորականները միաբերան երգեցին «Գովեա՛ Երուսաղէմ» շարականը, որ կը ներկայացնէր նաեւ մեր ժողովուրդի յարութիւնը: Արարողութեան աւարտին, յանուն առաջնորդին եւ ներկաներուն, Խաժակ քհնյ. Շահպազեան իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան` ատենապետութեամբ Արաքսի Պոյամեանի, որ յատուկ ջանք թափած էր իրականացնելու համար այս ծրագիրը: Նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Հայ Դատի Յանձնախումբին 2015-ի
Ծրագիրները
Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան ամանորեայ հաւաքը տեղի ունեցաւ 12 յունուարին, «Ֆենիսիա» ճաշարանի նոր սրահին մէջ:
Հայ դատի յանձնախումբի համայնքային աշխատանքներու համակարգող Տիգրանա Զաքարեան իր բացման խօսքին մէջ բացատրեց, որ սոյն հաւաքը կազմակերպած են, որպէսզի գաղութին պատկան մարմինները համախմբեն եւ ներկայացնեն իրենց 2015-ի տարեկան ծրագիրը:
Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Պօղոս Փաթաթեան ներկայացուց յանձնախումբին այս տարեշրջանի անձնակազմը եւ ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց անոնց մասին:
2014-2015 տարեշրջանի Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին մաս կը կազմեն` ատենապետ Արթին Մանուկեան, Պերճ Կարապետեան, Հիլմա Բալայեան, Էտմոնտ Խաչատուրեան, Դաւիթ Գէորգեան, Զարեհ Աճեմեան, Արամ Մանուկեան եւ Պօղոս Փաթաթեան:
Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ 2015 տարեշրջանի տարեկան ծրագիրը: