Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պաթմանի (Մեծ Հայքի Աղձնիք նահանգ, պատմական Սասնոյ շրջան) մասնաճիւղը 24 յունուարին «Աթաթուրք» այգիին մէջ կազմակերպած է հաւաք մը` նուիրուած 1990-ականներուն այդ շրջանին մէջ տեղի ունեցած եւ մինչեւ օրս չբացայայտուած առեւանգման եւ սպանութեան դէպքերուն: Հաւաքին մասնակիցները կրած են այդ ժամանակաշրջանին սպաննուած եւ անյայտ կորսուած մարդոց լուսանկարները` պահանջելով բացայայտել դէպքերը: Պաթմանի մասնաճիւղի նախագահ Մեհմետ Պաղաթըր իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ յանցագործութիւններուն մեղաւորները մինչեւ օրս չեն կանգնած դատարանին առջեւ:
«Այսօր, այստեղ չբացայայտուած սպանութիւններուն, մեր անյայտ կորսուածներուն, մեր երեխաներուն համար հաշիւ պահանջելու զուգահեռ` մենք պահանջատէր ենք նաեւ Հրանդ Տինքի եւ հարիւրամեայ ամօթի խորհրդանիշ հանդիսացող Հայոց ցեղասպանութեան համար», ըստ թրքական «batmancagdas.com» կայքին` ըսած է Պաղաթըր:
«Պատմութեան հետ առերեսումը պէտք է սկսի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով: Թուրքիա պէտք է հասկնայ այս իրականութիւնը եւ ընդունի, որ այս քաղաքական իշխանութիւնն ալ, միւսներուն նման, իր իշխանական ուժը վերածած է գործի դրուող բռնատիրութեան», եզրափակած է Պաղաթըր:
Նշենք, որ Պաթման քաղաքի 300 հազար բնակչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ քիւրտ է: