Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի Հայկական Եկեղեցիներուն Դէմ. Քրտական Լրատուամիջոց

Յունուար 28, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

12815yegeghetsiԷրզրումի Ազիզիէ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Մինաս եկեղեցին, որ նախապէս օգտագործուած է իբրեւ ախոռ, այժմ դարձած է որոնողներուն ուշադրութիւն գրաւող գանձը եւ, «մասնաւոր սեփականութիւն» ըլլալու պատճառաբանութեամբ, անհրաժեշտ ուշադրութեան չ՛արժանանար, կը գրէ «Տիքլ» (Dicle) լրատու գործակալութիւնը:

Հայկական տասնեակ եկեղեցիներ նոյն ճակատագիրը  կը կիսեն. աւերակներու վերածուած եկեղեցիներու պատերը հայերու հանդէպ ատելութեան դրսեւորումներ կ՛արտայայտեն:

«Եօթը հայ սպաննողը դրախտ կ՛երթայ» պնդումն ու «հայ» եւ «հայու զաւակ» բառերը դեռ հայհոյանքի փոխարէն կ’օգտագործուին Էրզրումի մէջ: 1915-ին Ցեղասպանութենէն ետք մնացած հայկական գործատեղերը, բաղնիքները, տուներն ու եկեղեցիները կը ջնջուին», կը գրէ լրատուամիջոցը:

Ճակատագիրի քմահաճոյքին յանձնուած` Սուրբ Մինաս եկեղեցին ալ ջնջուելու եզրին է:

Եկեղեցիին կառուցման ժամկէտը յայտնի չէ, ենթադրաբար կառուցուած է 17-րդ դարուն:

Եկեղեցին «յայտնաբերուած» էր 2012 թուականին` քաղաքի վերակառուցման աշխատանքներուն ընթացքին, երբ անոր չորս կողմը մաքրուած էր: Պարզուեցաւ, որ տեղացիները եկեղեցին որպէս ախոռ կ’օգտագործեն:

Այժմ լքուած այս եկեղեցին գանձ որոնողներուն ուշադրութեան առարկայ է:

«Եկեղեցիին մէջ կանգուն մնացած մաս չկայ»,  կ՛ըսէ քաղաքացի Տիյատին Աքը:

Ան կը պատմէ, թէ այս եկեղեցին  եղած է հայկական հին բնակավայր: «Երբ հայերը ստիպուեցան լքել այս հողերը, այն ատեն սկսան աւերել եկեղեցին: Նախկին հին երկաթէ դուռը տարած  ու փոխարինած են ախոռի փայտէ դուռով: Բաւական թալանած են: Պատի նկարներն անգամ  տարած են: Նախապէս  այստեղ հոգեւորականի մը տունն էր: Ամէն ինչը տարած են, միայն խաչէ պատկերուած քարերը մնացած են»:

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Պիտի Տեսնէ Ցեղասպանութեան Զոհ 11 Գրողներու Երկերու Հաւաքածոն

Յաջորդը

Շարժանկար` Հնդկաստանի Հայ Թագուհիին Մասին

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In