Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարժանկար` Հնդկաստանի Հայ Թագուհիին Մասին

January 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

12915_tajmahal-28aOrer.am-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, վերջերս Երեւանէն Հնդկաստան մեկնած է շարժապատկեր նկարահանող խումբ մը` Ագրա քաղաքին մէջ գտնուող աշխարհահռչակ Թաժ Մահալի տաճարի մասին շարժանկար պատրաստելու նպատակով: Ըստ կարգ մը պատմական աղբիւրներու, Հնդկաստանի Շահ Ճահան արքային կինը, որուն յիշատակին ան կառուցած է Թաժ Մահալը, հայ եղած է:

Թագուհիին հայ ըլլալու փաստը շատերուն ծանօթ է, սակայն ատոր վաւերագրութիւնները գրեթէ կը բացակային: Եւ ահա հայ վաւերագրողներ որոշած են լրացնել այդ բացը: «Թաժ Մահալ. հայուհին` Հնդկաստանի խորհրդանիշ հոգի» կոչուող շարժանկարի առաջին ցուցադրութիւնը հաւանաբար տեղի ունենայ 14 փետրուարին:

Ո՞վ է Մումթազ Մահալ

Սերգէյ Աւագեան իր «Նշանաւոր հայուհիներ» գիրքին մէջ կը նշէ, որ Մումթազ Մահալը (Հեղինէն) ծնած է 1593 թուականին, հնդկական արքունիքի հայազգի պաշտօնեայ Ասաֆ խանի ընտանիքին մէջ: Զայն նաեւ անուանած են Արճում անտ Պանօ Պեկում:

Ստացած է ժամանակի հիմնական կրթութիւն, ունեցած է կանացի նրբագեղութիւն, գեղեցկութիւն եւ եղած է բաւական նրբանկատ: Հօր պաշտօնին պատճառով մօտ եղած է հնդկական արքունիքին:

1612-ին գահաժառանգ Խուրամի խան կ՛ամուսնանայ անոր հետ: 1627 թուականին գահաժառանգ Խուրամի խանը կը դառնայ Հնդկաստանի թագաւոր: Թագադրութենէն ետք Խուրամի խանը կ՛անուանափոխուի եւ կը կոչուի Շահ Ճահան:

Հնդկաստանի հայ թագուհի Մումթազ Մահալ իր մահկանացուն կնքած է 38 տարեկանին, 1631 թուականին, Հնդկաստանի Պուրհան Նուրէ բնակավայրին մէջ, ուր հողին յանձնուած է: Սակայն, քիչ ժամանակ ետք անոր աճիւնը տեղափոխուած է Ագրա եւ հողին յանձնուած` Ճամնա գետի ափին: Այստեղ թագաւոր ամուսին Շահ Ճահանը իր սիրեցեալ թագուհիին գերեզմանին վրայ կը կառուցէ (1630-1652) աշխարհահռչակ մզկիթ-դամբարանը` Թաժ Մահալը:

Թաժ Մահալ հնդկերէն կը նշանակէ «Թագի պալատ»: Բանաստեղծները զայն կ՛անուանեն «Մարդկային սիրոյ յուշարձան», նաեւ` «Քարէն կերտուած բանաստեղծութիւն»:

Ծանօթ աշխարհագրագէտ Կամսար Աւետիսեանը «Պատանի աշխարհագրագէտ» գիրքին մէջ (Երեւան, 1985) կը գրէ, որ 1630 թուականին Մումթազ Մահալ կ՛ուղեկցի թագաւոր ամուսնուն պատերազմի մէջ, ռազմի դաշտին վրայ կը հիւանդանայ: Բժիշկները անկարող կ՛ըլլան փրկելու անոր կեանքը: Մահամերձ վիճակի մէջ ան ամուսինէն կը խնդրէ իր գերեզմանին վրայ կառուցել տաճար:

Որոշ պատմաբաններ կը հերքեն Մումթազ Մահալի հայ ըլլալու փաստը: Կարգ մը գիտնականներ կ՛ըսեն, թէ Մումթազ կը շփոթուի մոնկոլներու մէկ այլ թագուհիի հետ, որ իրապէս հայկական ծագում ունէր, եւ որուն ժամանակի պատմաբանները կոչած են Մարիամ Պեկում Մահիրա:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի Հայկական Եկեղեցիներուն Դէմ. Քրտական Լրատուամիջոց

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Վերջը Չէ. «Թերթ.Ամ»-ի Հարցազրոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի Հետ

RelatedPosts

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները
Անդրադարձ

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

January 15, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերյիշելով…

January 15, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.