ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Խորէն Ա. կաթողիկոսի յոբելինական հանդիսութենէն եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի ընտրութենէն քանի մը օր ետք, եւ ընտրեալ աթոռակիցի օծումէն մէկ օր առաջ, շաբաթ, 28 մայիս 1977-ին, Անթիլիասի Մըզհէրի բլուրին վրայ տեղի ունեցաւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի հիմնարկէքի հանդիսութիւնը:
Անթիլիասէն դէպի Մըզհէր բարձրացող եւ նոր բացուած ճամբուն վրայ ցուցատախտակ մը զետեղուած էր «Համազգային» արձանագրութեամբ:
Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն շքախումբը շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 4:50-ին ճամբայ ելաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ ընտրեալ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի առաջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ միաբանական դասուն եւ սփիւռքահայ պատգամաւորներուն:
Ճանապարհին, նոր ճամբու մուտքին թափօրը կանգ առաւ. անկիւնադարձին ոչխար մը զենուեցաւ, աղաւնիներ թռցուեցան եւ բացուեցաւ նոր պողոտան, որ ուղղակի Մըզհէր կ՛առաջնորդէր:
Շքախումբը յառաջացաւ եւ շարունակեց իր ճամբան, մինչ ստուար բազմութիւն մը կը հետեւէր անոր:
Դալար բլուրին մէկ անկիւնը, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս Ուրֆալեան, ընկերակցութեամբ երիտասարդ միաբաններու, կատարեց առաջին հիմնաքարի զետեղման աղօթքը:
«Որք զարդարեցին տնօրինաբար» շարականի հնչիւններուն ներքեւ, հիմին մէջ, հողին գիրկը զետեղուեցաւ Հայաստանէն բերուած ափ մը հող, Զուարթնոցէն փրցուած քարի մասունք մը, լիբանանեան մշտադալար մայրիի ոստ մը եւ թերթ մը մագաղաթ:
Աղօթքը շարունակուեցաւ. «Անդաստան»-ը շարականուեցաւ, «Ով մեծասքանչ դու լեզու»-ն երգուեցաւ եւ այնուհետեւ Տէրունական աղօթքը` «Հայր Մեր»»-ը:
Հիմնարկէքի արարողութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթոր Եղիկ Գոնեալեան: Ան ըսաւ. «Երկու կաթողիկոսներ` Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. աթոռակից վեհափառներ օրհնեցին հիմը կառուցուելիք Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան թիւ 2 Ճեմարանին: Զուգադիպութիւն չէ, որ մայիս 28-ին կը կատարենք այս հիմնարկէքը, այլ` գիտակից ոգիով, հաւատալով գալիք յաղթանակներու, հայ ժողովուրդի անմահութեան:
«Երբ միւռոն կը պատրաստեն, միւռոնէն կաթիլ մը կը կաթեցնեն նորին մէջ, որ կ՛եռայ: Այդպէս ալ մեր նոր Ճեմարանին հիմին մէջ դրինք պտղունց մը Հայաստանի հող, խիճ մը Զուարթնոցէն, որպէսզի այս հողին վրայ կոխուող իւրաքանչիւր հայու զաւակ ինզքինք զգայ Հայաստանի հողին վրայ: Ու իւրաքանչիւր աշակերտ խանդավառուի ու հայօրէն շարունակէ ապրիլ»:
Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեան:
Ան լուսեղէն գիծ որակեց օրուան խորհուրդը, որ հինէն, հին դարերէն, մեր պատմութեան ընդմէջէն կ՛երկարի մեզի: Երկնային ձայնի նմանցուց ցեղին ձայնը, մեր մշակոյթի գործիչներէն մեզի հասած: Իսկ կառուցուելիք լոյսի տաճարը` շարունակութեան օղակ հայոց պատմութեան կրթական եւ մշակոյթի մեծ կեդրոններու շղթային: Այդ ձայնը յիսուն տարի սաւառնած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի վերեւ, իբրեւ անլռելի զանգակատուն:
«Երկնային ձայն մը այսօր, ցեղի՛ն ձայնը` Փաշալեանի որակումով, որ աշխարհի ամէնէն հին ժողովուրդներէն մէկուն հաւաքական ենթագիտակցութենէն բխած հաւատոյ հանգանակը կազմած է, որ բանաձեւուած է Սուրբ Մեսրոպի կողմէ եւ մագաղաթի յանձնուած` անոր լուսաւոր մատներով, հնչած է Նարեկի, Հաղբատի, Տաթեւի եւ Գլաձորի որմերէն ներս ու փոխանցուած` սերունդէ սերունդ, մշտանորոգ ջերմեռանդութեամբ ազգային նկարագրի տիրական գիծի վերածուելու համար Մուրատ Ռաֆայէլեան, Ներսիսեան, Պէրպէրեան, Կեդրոնական, Սանասարեան թէ Գէորգեան Ճեմարան կոչուած մարդակերտումի կեդրոններուն մէջ, իբրեւ ազգային իմացումի եւ իմացականութեան սրբազան աւանդ` կտակուած Հայաստանի թէ սփիւռքի կրթական օճախներուն մօտ, յիսուն տարի սաւառնած Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի սրահներուն մէջ, իբրեւ անլռելի զանգակատուն` կը հնչէ ներկայիս մեր ականջներուն, եւ խորհրդանշական մագաղաթի վերածուած` Զուարթնոց տաճարէն կտոր մը քարի ու պտղունց մը հայրենի հողի հետ կը թաղուի այստեղ, Անթիլիասի այս օրհնուած բարձունքին, որպէսզի ընդմի՛շտ շարունակէ թեւածել Մելանքթոն Արսլանեան Ճեմարանի մթնոլորտին մէջ` իբրեւ յաւերժական խորհուրդ, իբրեւ հայ մտքի ու հոգիի մնայուն եւ անընկճելի ձգտում», ըսաւ ան:
«Հայ դպրութեան եւ մշակոյթի նոր ու շքեղ համալիր մը պիտի բարձրանայ այստեղ, լիբանանեան ազնիւ ու հարազատ հողի ընդարձակ սա տարածութեան վրայ, որպէս բնական այլ մի՛շտ թարմացող, մի՛շտ ճոխացող շարունակութինը հայկական քաղաքակրթութեան լուսեղէն շաւիղին եւ հայ ոգիի ու նկարագրի աննուաճ այդ ձայնին: Իբրեւ մէկ նոր ու շողարձակ օղակը հայ մտքի եւ մշակոյթի պատմութեան ոսկեղէն շղթային», նշեց Տասնապետեան:
Ան ոգեկոչեց այն բոլոր նուիրեալները, որոնք կեանքի կոչած են Համազգայինի Ճեմարանը: «Անկարելի է չյիշատակել այդ լուսաշող անունները, որոնք ոգեղինացած իրենց էութեամբ մեր կողքին են, եւ որոնք կը կոչուին Համօ Օհանջանեան, Սիմոն Վրացեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան թէ Բարսեղ Կանաչեան եւ ուրիշներ»:
Ան թուեց կառուցուելիք համալիրին զանազան մասերը.
Ա) Համազգայինի թիւ 2 Ճեմարանը, նախատեսուած` 2 հազարէն 3 հազար աշակերտներու համար, որ, անունովը գլխաւոր բարերարին պիտի կոչուի Համազգայինի Մելանքթոն Արսլանեան Ճեմարան: Երկրորդական կրթական հաստատութիւն մը` բոլոր բաժիններով. մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ-երկրորդական բաժիններով:
Բ) Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկ, որ պսակումը կը կազմէ բազմավաստակ այդ կազմակերպութեան կրթական-մշակութային գործունէութեան եւ որ կոչուած է պատրաստելու համալսարանական չափանիշերով վկայեալ հայագէտներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ եւ հանրային-հասարակական զանազան ասպարէզներու նուիրուելու կոչուած գործիչներ, Լիբանանի եւ հայկական բոլոր գաղութներուն համար:
Գ) Կեդրոնական մատենադարան` գիտահետազօտական կեդրոնի մը յատուկ յարմարութիւններով եւ անհրաժեշտ սարքաւորումով, եւ թանգարանը` իր պատմութեան, արուեստի եւ արխիւային յատուկ բաժիններով:
Դ) Գիշերօթիկներու յատուկ շէնք` յարակից ճաշասրահներով, խոհանոցով եւ ընկերային կեանքի զանազան յարմարութիւններով օժտուած. նաեւ առանձին յարկաբաժին մը, հիւրասիրելու համար Համազգայինի հրաւէրով Լիբանան այցելող հայ մտաւորականներն ու արուեստագէտները:
Ե) Համազգայինի տպարան եւ հրատարակչական տուն արդիական սարքաւորումներով:
Զ) Արուեստի կեդրոն, թատերասրահ:
Է) Ակումբ, ուսուցիչներու բնակարան եւ այլն:
Իր խօսքի աւարտին Հրաչ Տասնապետեան երախտագիտական արտայայտութիւններ ունեցաւ Ճեմարանի հիմնադիրներուն, Համազգայինի անխոնջ նուիրեալներուն յիշատակին, «որոնց ոգեղինացած ներկայութիւնը միշտ պիտի զգացուի այս նոր լոյսի տան մէջ, իբրեւ ուժի, կամքի, հաւատքի աղբիւր»: Ան նաեւ երախտագիտութեամբ յիշատակեց բոլոր բարերարները: «Այստեղ, այս պահուս, ոգեղինացած անոնց էութիւնը կը հրճուի, կը լեցուի արդար հպարտանքի նո՛ր ալիքներով, եւ ընդմիշտ կ՛օրհնէ սրբազան այն գործը, որու առաջին դարբիններն ու անառարկելի վարպետները հանդիսացան իրենք` իրենց հմտութեամբ, կորովով ու նուիրումով, հայ դպրութեան եւ մշակոյթի իրենց պաշտամունքով, եւ որու շարունակականութիւնը կը տեսնեն այսօրուան խորհրդանշական այլ հանդիսաւոր արարողութեան մէջ», նշեց ան:
Ապա խօսք տրուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, որ իր պատգամը փոխանցելով ըսաւ.
«Հոգեկան ցնծութեան եւ սրտի ամենախոր գոհունակութեան առիթը կ՛ընծայուի մեզի այսօր, յաղթանակի եւ ազատութեան խորհրդանիշ` մայիս 28-ի տօնին, որ միաժամանակ տօնն է մշակութային այլ յաղթանակի մը` Համազգայինի հիմնադրութեան, կատարելու հիմնարկէքը կրթական նոր օճախի մը` Համազգայինի Մելանքթոն Արսլանեան Ճեմարանին:
Ազգերու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ մեծ է եւ նուիրական դերը դպրոցին, ուր կը դարբնուին հասնող սերունդներու միտքերն ու հոգիները: Դպրոցներու ցանցը եւ դպրոցներու որակը չափանիշներն են ժողովուրդներու իմացական եւ հոգեկան կեանքին եւ երաշխիքը անոնց առողջ գոյատեւումին:
Աւելի մեծ է եւ աւելի նուիրական դերը դպրոցին հա՛յ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հայ դպրոցը, սփիւռքի ցիրուցանուած տարածքին վրայ, հզօրագոյն կռուանն է եւ անառիկ ամրոցը հայուն գոյութեան եւ տեւականութեան: Հո՛ն, հայ դպրոցին մէջն է, որ մեր ժողովուրդին սիրասուն մանուկները, իրենց ծաղիկ հասակին ու մատղաշ տարիքին մէջ, պիտի սորվին մեսրոպաշունչ մեր մեծասքանչ լեզուն եւ մեր պանծալի պատմութիւնը: Հո՛ն է, որ ազգային շունչ եւ առողջ դաստիարակութիւն պիտի ստանան անոնք եւ պիտի կերտուի անոնց հայեցի նկարագիրը եւ անաղարտ պիտի պահուի անոնց պայծառ դիմագիծը: Հո՛ն է որ ազգային դրոշմ եւ ազգային կնիք պիտի դրուի անոնց անմեղ սիրտերուն եւ մաքուր հոգիներուն վրայ, եւ հո՛ն է դարձեալ, որ մեր զաւակները հոգեպէս ու բարոյապէս պիտի զինուին ու զրահուին այս աշխարհի այլասերող ու ապազգայնացնող բոլոր տեսակի չարիքներուն ու վտանգներուն դէմ, եւ պիտի ըլլան արի ու բարի, կորովի ու առաքինի ի սպառ անկորնչելի զաւակները Հայկազեան ցեղին: Ահա թէ ինչո՛ւ անհուն ուրախութեամբ եւ անխառն բերկրանքով կը համակուինք ամէն անգամ որ նոր դպրոցի մը հիմնարկէքը կը կատարենք:
Ամէն նո՛ր դպրոց լուսեղէն սիւն մըն է հայուն ազգային շէնքը կանգուն պահող եւ անոր գոյատեւումը երաշխաւորող: Ամէն նո՛ր դպրոց նո՛ր ապացոյց մըն է հայօրէն ապրելու, հայօրէն ստեղծագործելու եւ մարդկային քաղաքակրթութեան մեր նպաստը բերելու մեր վճռակամութեան: Ամէն նո՛ր դպրոց շառաչուն նո՛ր ապտակ մըն է մեր դարաւոր թշնամիին, արիւնարբու թուրքին, որ փորձեց ոչնչացնել հայութիւնը համայն, եւ հայուն հողային արդար դատն ալ ի սպառ գերեզմանել: Վերջապէս, ամէն նո՛ր դպրոց նո՛ր զօրանոց մըն է մեր ինքնապաշտպանութեան` դէպի յաւերժութեան մեր դժուարին ճանապարհին վրայ:
Հետեւաբար, ժողովո՛ւրդ հայոց սիրելի, ազգին բարձրագոյն գնահատութեան եւ երախտիքին արժանի է ամէն դպրոցաշէն հա՛յ բարերար, ամէն նուիրեալ կրթական հա՛յ մշակ, ամէն գուրգուրոտ կրթական հա՛յ պատասխանատու: Եւ որպէսզի լոկ խօսքի սահմանին մէջ չմնանք, այս յիշատակելի ու պատմական օրուան առիթով կ՛ուզենք յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարգեւատրել այն ազգայինները, որոնք իրենց իշխանական ընծայաբերութեամբ եւ իրենց երկար տարիներու յոգնաջան նուիրումով մեծ ծառայութիւն մատուցին Ազգին` կրթական ու մշակութային մարզերու մէջ»:
Խորէն Ա. վեհափառ Կիլիկեան Մեծ Խաչի Իշխանի շքանշանով պատուեց Համազգայինին եւ Ճեմարանին մեծ ծառայութիւններ մատուցած Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Վահէ Սէթեանը եւ ատենապետ տոքթոր Եղիկ Գոնեալեանը:
Փակման խօսքը կատարեց տոքթոր Յ. Գազանճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկէքը հովանաւորող Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսին, եպիսկոպոսներուն, հոգեւոր հայրերուն եւ հայ ժողովուրդին: Ան ըսաւ, թէ հիմնարկէքի առիթով բազմաթիւ հեռագիրներ ստացուած են, ի մասնաւորի բարերար Մելանքթոն Արսլանեանէն: Գազանճեան նաեւ յայտնեց, որ ազգային մը, հիմնարկէքի առիթով, առանց անունը հրապարակելու, խանդավառուած` հինգ հազար լիբանանեան ոսկի կը նուիրէ:
Հիմնարկէքի հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ: