Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Ցուցանմուշները Պիտի Ներկայացուին Տարբեր Մայրաքաղաքներու Մէջ

Յունուար 28, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ուսերուն: Վերջին քանի մը տարիներուն թանգարանին մէջ նախապատրաստական լուրջ աշխատանքներ տարուած են արդէն` 100-ամեակին ընդառաջ, կը մշակուի նաեւ ռազմավարութիւն: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի փոխանցմամբ, այսօր արդէն նախապատրաստական աշխատանքի առիւծի բաժինը կարելի է աւարտած նկատել: Մասնաւորապէս երեք տարուան շինարարական աշխատանքը աւարտած է, եւ ապրիլին թանգարանը պիտի ներկայանայ նոր տեսքով եւ նախագիծով:

«Յուշահամալիրի տարածքում ամբողջութեամբ նորոգուել է յուշասիւնը, համալիրը պատրաստ է, շինարարական աշխատանքներն աւարտուել են մի քանի շաբաթ առաջ: Հաշուած օրերի ընթացքում պատրաստ կը լինենք իրագործել նոր ցուցադրութեան տիզայներական նախագիծը: Նոր թանգարանի շէնքը 2,5 անգամ ընդարձակուել է, թանգարանն ունի նոր յարմարութիւններ, ստեղծուել է բացառիկ պայման` ֆոնտերի պահպանութեան համար, վերազինուել են կահոյքը, թեքնիք միջոցները», տեղեկացուցած է Հայկ Դեմոյեան` աւելցնելով, որ վերջին տարիներու վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ թանգարանին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մնայուն կերպով կ՛աւելնայ:

Թանգարանի փոքրիկ սրահին մէջ կայ մնայուն ցուցադրութիւն, եւ այս տարի տասնհինգ հազար այցելու ունեցած է անիկա: «Յաջորդ տարի թանգարանի հանդէպ հետաքրքրութիւնն աւելի կը մեծանայ: Չենք սահմանափակուի միայն Ծիծեռնակաբերդում ցուցադրութեամբ: Մեր զինանոցի պաշարի մի մասը կը ցուցադրուի աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներում: Թեմաթիք առումով, դրանք բազմազան են: Նախատեսւում է համընդհանուր ցուցադրութիւն` չորս լեզուներով, որը ներկայացնելու ենք սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներում: Իւրաքանչիւր տարածաշրջանի համար նախատեսւում է առանձին ցուցադրութիւն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններին կ՛ուղեկցեն բազմալեզու քաթալոկները: Այս պահի դրութեամբ բոլոր աշխարհամասերում աւելի քան յիսուն ցուցադրութեան անցկացում է նախատեսւում», յայտնած է Դեմոյեան:

Վերջերս թանգարանը կարեւոր եւ մեծ ցուցահանդէսներու կայացման գծով համաձայնութիւններ գոյացուցած է աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու ղեկավարներուն հետ:

Կան յատկապէս քանի մը յատկանշական նախաձեռնութիւններ. ապրիլին Փարիզի քաղաքապետարանը պիտի հիւրընկալէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին ցուցադրութիւնը: Քաղաքապետարանին` Լուվրի կից գործող երկու մեծ ցուցասրահներուն մէջ պիտի ներկայացուին թանգարանին ցուցանմուշները: Լոս Անճելըսի մշակութային կեդրոնին մէջ երեք օր շարունակ պիտի գործէ «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի էջերում» խորագիրով ցուցադրութիւնը, որ պիտի ներկայացուի նաեւ եւրոպական շարք մը մայրաքաղաքներու մէջ:

Մեծագոյն ծրագիրներէն է նաեւ Երեւանի մէջ կայանալիք ցեղասպանագէտներու համաժողովը: 8-12 յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծ գիտաժողով, որուն պիտի մասնակցին աւելի քան 300 ցեղասպանագէտներ:

«Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուի Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանի պատմութեան նուիրուած եւ Ցեղասպանութեան մասին պատմող շարժապատկերը` «Բռնաբարուած Հայաստան» խորագիրով, իսկ համահայկական խաղերուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի մինչեւ 1915 թուական Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական մարմնակրթութեան մասին հաւաքուած հսկայական արխիւը: Աշնան կը նախատեսուի կայացնել մեծ գիտաժողով «Ցեղասպանութեան երեխայ զոհեր» խորագիրով:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Պիտի Տեսնէ Ցեղասպանութեան Զոհ 11 Գրողներու Երկերու Հաւաքածոն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?