Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Դեսպանը Կը Յստակացնէ Ցեղասպանութեան Մասին Իր Կատարած Խնդրայարոյց Պնդումը

Յունուար 27, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

12715_AraudՄիացեալ Նահանգներու մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժերար Առօ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանին ու Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ` Րաֆֆի Համբարեանին դիմելով` յստակացուցած է այս շաբթուան սկիզբը ամերիկեան «MSNBC» կայանէն տրուած հարցազրոյցին ընթացքին իր կատարած խնդրայարոյց պնդումը, որ կ՛առնչուէր Հայոց ցեղասպանութեան:

Դեսպանը նախ հաստատած է, թէ Ֆրանսա արդէն իսկ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ շեշտած է, թէ իր անձնական կարծիքով, Հայոց ցեղասպանութիւնը կը հանդիսանայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, յոյս յայտնելով, որ իր այս հաստատումները կրնան վերացնել  այն կասկածները, թէ իր նախկին յայտարարութեամբ ինք փորձած է ձեւով մը արդարացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողները:

Արդարեւ, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կ՛արտօնէ հակաիսլամ հրահրիչ երգիծանկարներու հրապարակումը, մինչ Հրէական ողջակիզումը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողները կը պատժէ, դեսպանը նշեալ կայանէն յայտարարած էր, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժելու օրէնք չկայ Ֆրանսայի մէջ, եւ թէ` նման օրէնք մը կայ միայն Հրէական ողջակիզման պարագային, «որովհետեւ այդ մէկը կարծիք մը չէ եւ Ողջակիզումը տեղի ունեցա՛ծ է: Հետեւաբար, երբ կ՛ըսէք, որ Ողջակիզում չէ եղած, դուք կարծիք չէք յայտներ, ատիկա փաստ է: Բացի Ողջակիզումէն` ամէն ինչ թոյլատրուած է: Ի հարկէ, եթէ չկայ զրպարտութիւն ոեւէ անձի դէմ»:

Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք բողոքի ալիք մը բարձրացած էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի համացանցային ընկերային ցանցերուն վրայ` պահանջելով դեսպանէն, որ յստակացնէ այս անպատասխանատու յայտարարութիւնը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Էլիզապէթ Չուլճեան ողջունած է դեսպանին յստակացումը` նշելով, որ Ֆրանսա ազդեցիկ դեր ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ ջանքերուն դէմ դնելու աշխատանքին մէջ:

«Նուվել տ՛Արմէնի»-ն իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը բողոքի նամակ մը յղած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսին` Ֆրանսայի դեսպանին կատարած նշեալ յայտարարութեան առնչութեամբ:

Նախորդը

«Կոմիտաս» Հիմնարկի Կազմակերպութեամբ, 2015-ին Տիգրանակերտի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Կատարւում Արցախ-Ազրպէյճան Սահմանին Շուրջ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?