Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Ոստիկանները Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Քայլարշաւը Ցրուած Են Արցունքաբեր Կազով

January 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12015_DinkԹրքական «Աքշամ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ ոստիկանութիւնը Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցը նշելու համար հաւաքուած խումբը ցրուած է` արցունքաբեր կազ օգտագործելով:

Խումբը Սաքարիա հրապարակէն փորձած է քալել դէպի արդարադատութեան նախարարութիւն: Քայլարշաւը, սակայն, արգիլուած է ոստիկանութեան կողմէ:

Ոստիկանութիւնը խումբին պարտադրած է յայտարարութիւն կատարել եւ ցրուիլ, սակայն ցուցարարները պնդած են, որ յայտարարութիւնը պիտի կարդան նախարարութեան մօտ: Լարուածութեան սրումին հետ` ոստիկանութիւնը հակազդած է: Ցուցարարներուն դէմ նախ ջրաշիթեր, ապա արցունքաբեր կազ օգտագործուած է:

«Ակօս» շաբաթաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Մալաթիոյ մէջ նոյն առիթով կատարուած արարողութեան ընթացքին երիտասարդ մը հաւաքուածներուն ուղղութեամբ զէնք պարզած է: Ան նախքան կրակելը վնասազերծուած է:

Երթին մասնակիցները` շուրջ հարիւր հոգի, իրենց ձեռքերուն մէջ Տինքի նկարն ու մեխակներ բռնած, քալած են անոր ապրած թաղամասին մէջ: Սակայն ինքնութիւնը չբացայայտուած անձը զէնք հանած է եւ խումբին ուղղութեամբ բռնած: Այդ պահուն քայլարշաւին հսկող ոստիկանները միջամտելով զինք վնասազերծած են:

Ան ձերբակալուած է եւ հեռացուած տարածքէն:

Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներ տեղի ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներու` Ատանայի, Իզմիրի եւ Այնթապի մէջ:

Տարբեր քաղաքներու մէջ հաւաքուած քաղաքացիները փողոց իջած են «Արդարութիւն կը պահանջենք. առերեսուեցէ՛ք Հրանդի հետ, ցեղասպանութեան հետ», «Բոլորս Հրանդ ենք», «Այստեղ ենք` ախբարիկ» կարգախօսներով, կրած են Տինքի լուսանկարները, Տինքը խորհրդանշող աղաւնիներ թռցուցած են:

Օրինակ, Իզմիրի մէջ, քայլարշաւի մը ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւս կոչեր հնչած են, մասնակիցները յարգած են ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, մամլոյ համար յայտարարութիւն կատարած են:

Նախորդը

Թրքական Դատարանը Ջնջած Է Արգելքը. Փերինչեք Պիտի Մասնակցի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ Տեղի Ունենալիք Դատավարութեան

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ցաւակցագիրը. Դատաքննութիւնը Պէտք Է Կայանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Օրէնքներով

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.