ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարողութիւնը ունիք վստահութիւն ներշնչելու մարդոց, որոնք պէտք ունին ձեր օժանդակութեան: Յոյս ներշնչելը առաքինութիւն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր առաջին տեսած անձին հետ մտերմանալու փափաք մը կ՛ունենաք, ինչ որ օգտակար չէ: Մարդ ճանչնալը եւ մտերմանալը ժամանակի կը կարօտի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յաջողելու համար ձեր կարելին ըրէք, մասնաւորաբար` ձեր աշխատած վայրին մէջ: Ձեզ պիտի դատեն ձեր աշխատանքով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեզ պիտի հրաւիրեն ձեր մասնակցութիւնը բերելու, մասնաւորաբար` նիւթական իմաստով: Կարիքաւորի մը օգտակար ըլլալու նախաձեռնութեան մը պիտի մասնակցիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ֆիզիքական առողջութիւնը պահելու համար մարզանքի կը կարօտիք: Հետեւեցէք յատուկ մարզաձեւի մը, որպէսզի կարենաք օգտուիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր հարցերը հանդարտութեամբ դիմակալեցէք: Արտորանքը կամ շփոթիլը օգուտ չունի: Ամէն խնդիր հանդարտ տրամադրութեամբ կը լուծուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կրնաք զոհը դառնալ աճպարարի մը կամ քսակահատի մը: Երբ շուկայ իջնէք, ձեր դրամապանակը լաւ պահեցէք: Ամէն պարագայի ուշադիր եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեզմէ փոքրահասակ անձի մը խրատներ պիտի տաք, որպէսզի ան դադրի սխալներ գործելէ: Սորվեցնելը արուեստ է, իսկ սորվիլը` պարկեշտութիւն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Արուեստը ձեր լաւագոյն զբաղումն է: Օգտագործեցէք ձեր շնորհները: Այս ձեւով հեռու կը մնաք աւելորդ մտահոգութիւններէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կեանքը առեւտուր է, տալ եւ առնել: Անշուշտ կ՛ուրախանաք, երբ նուէր մը ստանաք, բայց նոյն ատեն ունեցէք նուիրելու գիտակցութիւնը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անցեալին կատարած ձեր սխալին մասին շատ մի՛ մտածէք, մոռցէք զանոնք: Լաւատեսութեամբ մօտեցէք հարց մը քննելու պարագային: Դրական տրամադրութիւնը միշտ օգտակար է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ունիք շնորհներ, զանոնք օգտագործելու մասին մտածեցէք, օգնութիւնը դուրսէն մի՛ սպասէք, այլ դուք օգտակար եղէք ձեր անձին` ձեր աշխատանքով:
