Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Յունուար 1965)

Յունուար 12, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Տուրք Երախտագիտութեան

Անցեալ շաբաթ հրատարակեցինք ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին կոչը` ուղղուած «համայն հայութեան», Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին կառուցման առիթով:

Կոչը ղրկուած էր արտասահմանի բոլոր թերթերուն, անխտիր, նկատի ունենալով, որ Սողոմոն Թեհլիրեան, իբրեւ վրիժառու բազուկը հայ ժողովուրդին, իր հերոսական արարքով կը պատկանի հայոց պատմութեան, որ մէկ է եւ անբաժանելի, ինչպէս հայ ժողովուրդն է:

Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի այս օրերուն, երբ աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է հայութեան միասնականութիւնը, Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին եւ անոր սրբազան արարքին հանդէպ համազգային յարգանքն ու գնահատանքը պիտի հանդիսանան չափանիշը հայ ժողովուրդի քաղաքական հասունութեան ու իմաստութեան:

Թեհլիրեան, երբ Պերլինի պողոտաներուն վրայ կը պատուհասէր Չարիքը` դիտապարտ գետին փռելով հայաջինջ հալածանքներու տխրահռչակ ղեկավարը, իր գրպանին մէջ կուսակցութեան մը անդամատետրը ունենալով հանդերձ, կը գործէր ամբողջ հայ ժողովուրդի անունով, կը լուծէր վրէժը անխտիր բոլորին, որոնք նոյն անխտրականութեամբ մահուան ճամբաները ղրկուած էին լոկ իբրեւ հայ:

Թեհլիրեան, որուն արդարադատ գնդակը կը զգետնէր պատմութեան մեծագոյն ոճրագործներէն մէկը, քառասուն տարիէ ի վեր իր աննիւթական յուշարձանով կանգնած է արդէն հայոց պատմութեան շքեղ էջերուն վրայ: Շատ քիչեր իրենց ողջութեան պատմութեան էջերը լեցուցած են իրենց շքեղ արարքներով: Թեհլիրեան այդ քիչերէն մէկն էր, որ 1961-ին փակեց իր աչքերը Քալիֆորնիոյ մէջ` համազգային սուգի մատնելով հայ ժողովուրդը:

Հիմա, երբ Քալիֆորնիոյ մարմինին կողմէ կոչ կ՛ըլլայ համայն հայութեան` հատուցելու երախտագիտութեան տուրք մը` հանդէպ քաջակորով հայորդիին, խոր վստահութիւն ունինք, որ այդ կոչը արձագանգ պիտի գտնէ բոլորին մօտ, որոնք այս օրերուն, աւելի  քան երբեք, կ՛ապրին յաճախանքը մեր բիւրաւոր նահատակներուն:

Թեհլիրեանի յուշարձանը Ամերիկայի մէջ, հեռու Տէր Զօրի անապատներէն, ուր Ոճիրը գործուեցաւ, հեռու նաեւ այն վայրէն, ուր անզուսպ ցասումով մը արիասիրտ հայորդին կը պայթեցէր ոճրագործին գանկը, այնքա՜ն մօտ է սակայն հայ ժողովուրդի սրտին, որովհետեւ կը խորհրդանշէ արդարութեան ոգին, այն, որուն կը յուսայ հայութիւնը` հակառակ բոլոր փորձութիւններուն:

Կարելի էր միանուագ գումարով մը, որուն համար այնքան մեծ թիւով տրամադիր հայրենակիցներ կան Միացեալ Նահանգներու մէջ, կանգնել Սողոմոն Թեհլիրեանին յուշարձանը: Քալիֆորնիոյ մեր ընկերները չէին կրնար սակայն հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները անմասն թողուլ հոգեկան այն գոհունակութենէն, որ պիտի զգայ իւրաքանչիւր հայ` քար մը դնելով Թեհլիրեանին յուշարձանին վրայ:

Այս յուշարձանը հայութեան կը պատկանի, ինչպէս անոր տակ պառկող հերոսը` հայոց պատմութեան:

Պիտի շինուի բոլորի՛ն կողմէ, բոլորի՛ն մասնակցութեամբ, հեռու թէ մօտ ափերէն: Պիտի շինուի իբրեւ նուիրական տուրք երախտագիտութեան` խորհրդանշելու համար պատուախնդիր արիութեան այն դասը, որ Սողոմոն Թեհլիրեան տուաւ համայն աշխարհին` մարտիրոս ժողովուրդի մը տարերային պոռթկումը որպէս:

 

Արժանաւոր Պարգեւատրութիւն Մը

Մ. Նահանգներու Պէյրութի դեսպանատան պաշտօնատարներէն Լեւոն Գասպարեան մասնաւոր գնահատանքի արժանացած է դեսպանատուներու աշխատանքները աւելի խնայողական եւ գործնական իմաստով ներկայացուցած իր առաջարկ-թելադրանքին համար:

Արդարեւ, Միացեալ Նահագներու կառավարութիւնը կազմակերպած էր նման մրցանք մը, որ կ՛ընդգրկէր իր բոլոր դեսպանատուներն ու հիւպատոսարանները:

Այս առթիւ է, որ Լեւոն Գասպարեան ներկայացուցած է իր թելադրանքները եւ արժանացած` գնահատանքի, ստանալով շնորհակալութեան գիր, Պէյրութի մէջ Ամերիկայի դեսպանին ձեռքով:

 

Մէկ Միլիոն Ֆրանք Պէյրութի
Նշան Փալանճեան Ճեմարանին

Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ Հայկանուշ Թորիկեան, Ամերիկա մահացած եղբօրը` Յակոբ Թորիկեանի բաղձանքին համաձայն, Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին նուիրեց մէկ միլիոն հին ֆրանք, որ Ազգային առաջնորդարանի խողովակով ղրկուեցաւ արդէն, 1964 դեկտեմբեր 23-ին, ուղղակի Ճեմարանի տնօրէնութեան:

Գովելի արարք մը` իր ձեւին եւ ոգիին մէջ, նման այն բոլոր արարքներուն, որոնց շնորհիւ հիմնուած են եւ կանգուն ու կենսունակ կը մնան շատերը Հայ Աղօթքի տուներուն եւ Հայ Դպրութեան տաճարներուն, որոնց մէջ կը ծաղկի Մեծասքանչը եւ կը դարբնուի մանաւանդ Հայ Հոգին:

Օրինակելի արարք մը գեղեցիկ` իր էութեան մէջ, որով նիւթը ոգիի կը փոխակերպուի, կ՛ոգեղինանայ եւ նուիրատուն անփոխարինելի ու անսահման երանութեամբ կը լեցուի, որովհետեւ տալու արուեստին հաւասար բան չկայ: Երանի՜ զայն գիտցողներուն: Ի՜նչ փոյթ քանակը, երբ անոր մէջ կայ հոգին տուողին` նուիրատուին:

Օրհնէք` Հայկանուշ Թորիկեանին: Օրհնէք` իր եղբօր յիշատակին: Մանաւանդ բարի նախանձ` տալու արուեստին մէջ գերազանցելու, բարի նախանձ` ամէն ի վիճակի եղողի:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

31 դեկտեմբեր 1964, Փարիզ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Ս. Ծննդեան Պատգամը. Յոյսով Նայինք Փրկիչին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?