Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1965)

Յունուար 10, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաղորդագրութիւն

Այսու պաշտօնապէս կը ծանուցենք բարեպաշտ հայ ժողովրդեան, թէ Եթովպիոյ կայսեր նորին վեհափառութիւն Հայլէ Սելասիէ Ա.ի հրաւէրով, Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը ՆՍՕՏՏ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան, 12 յունուար 1965, երեքշաբթի, յետմիջօրէի ժամը ճիշդ 3:30-ին, «Միտըլ իսթ էրլայնզ» ընկերութեան օդանաւով պիտի մեկնի Ատիս Ապեպա (Եթովպիա)` մասնակցելու համար Արեւելեան ուղղափառ եւ դաւանակից քոյր եկեղեցիներու համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յունուար 14-28:

Ս. աթոռիս պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ հոգեւորականներէն.

1.- ՆՍՕՏՏ Խորէն Ա. կաթողիկոս` նախագահ
2.- Գերշ. Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս` առաջնորդ Յունաստանի
3.- Գերշ. Տ. Գարեգին Ս. եպիսկոպոս` տեսուչ դպրեվանուց
4.- Գերշ. Տ. Երուանդ ծ. վարդապետ` կաթողիկոսական փոխանորդ Կիպրոսի
5.- Հոգշ. Տ. Սուրէն վարդապետ` գաւազանակիր, քարտուղար:

Գերշ. Տ. Գարեգին Ս. եպիսկոպոս մեկնած է արդէն 6 յունուարի երեկոյեան` մասնակցելու համար համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Յուսալից ենք, որ քրիստոնէական եղբայրութեան ամրացումին պիտի նպաստէ այս համաժողովը, որ թանկագին առիթը կ՛ընծայէ Արեւելեան եկեղեցիներու պետերուն նախ` անձնապէս եւ համախումբ ձեւով զիրար տեսնելու եւ արդի աշխարհի քրիստոնէական հաւատքը զօրացնելու մասին միասնաբար խորհրդակցելու: Խօսակցութեանց սկիզբ մըն է այս համաժողովը, որ նոր հեռանկարներ կը բանայ Արեւելեան եկեղեցիներու առջեւ, որոնց շարքին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին եւս կը բերէ իր նպաստը քրիստոնէական եղբայրութեան եւ միջեկեղեցական համագործակցութեան նուիրական առաքելութեան մէջ:

* * *

Նորին սրբութիւն վեհափառ հայրապետին բացակայութիւնը պիտի տեւէ երկու շաբաթ: Իր բացակայութեան Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Տաճատ Ս. արքեպիսկոպոս փոխանորդաբար պիտի հսկէ վանական գործերուն:

* * *

Վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Տաճատ Ս. արքեպիսկոպոսի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ մեթր Խաչիկ Պապիկեանի, ինչպէս նաեւ գաւազանակիր հոգշ. Տ. Բաբգէն վրդ. Թոփճեանի, 8 յունուար 1965, ուրբաթ, կ. ա. ժամը 11:00-ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ն. Վ. պարոն Շարլ Հելուի` իր Ատիս Ապեպա մեկնումին առթիւ:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

10 յունուար 1965
Անթիլիաս

 

Եսայի Պզտիկեան

Խոր ցաւով կ՛իմանանք Ատանայի ծանօթ գերդաստանի վերջին շառաւիղներէն եւ ազգային ու քաղաքական յայտնի դէմքերէն Եսայի Պզտիկեանին մահը, որ պատահած է երէկ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Հանգուցեալը Կիլիկիոյ մէջ ունեցած էր ազգային բեղուն գործունէութիւն` նոյն ատեն վարելով կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ: Մասնաւորաբար, Զինադադարէն ետք, երբ հայութիւնը կը վերադառնար գաղթականութենէ, Եսայի Պզտիկեան պետական կարեւոր պաշտօնով մեծ դեր ունեցաւ ազգային կեանքի վերակազմութեան մէջ:

Հովանաւոր իշխանութեան հետ յարաբերութիւններու գծով կարեւոր դեր մը վերապահուած էր հանգուցեալին, որ շնորհիւ իր կապերուն եւ ազդեցութեան` մեծապէս օգտակար եղաւ իր հայրենակիցներուն:

Տարիքի յառաջացման եւ անհանգստութեան պատճառով քանի մը տարիէ ի վեր քաշուած էր ազգային-հասարակական  կեանքէն:

Առիթը կ՛ունենանք տակաւին անդրադառնալու իր կեանքին ու գործունէութեան:

 

«Հարս Ու Կեսուր»-ի Բեմադրութիւնը
Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի հայ կաթողիկէ Ալիշան վարժարանին ի նպաստ, կիրակի, 20 դեկտեմբերին, պէյրութահայ Քուլիսականներու խումբը, իրենց «Հարս ու կեսուր»-ի յաջող բեմադրութեամբ, խիստ հաճելի ցերեկոյթ մը հրամցուցին դամասկահայութեան: Մօտ երկուքուկէս ժամ տեւող երեք արարնոց բեմադրութիւնը, մեր առօրեայ կեանքէն առնուած, մեծապէս զուարճացուց հանդիսականները եւ լիաթոք խնդուքներ պատճառեց բոլորին, ի մէջ այլոց նաեւ ներկայ եղող… կեսուրներուն եւ հարսերուն:

Հանդէսը չսկսած Վահան Ճանսըզեան հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ խումբին մասին: Իր խօսքերէն դատելով` խումբը արուեստը սիրողներէ, ժողովրդանուէր ու անոր բարոյականին սատարելու նպատակաւ հիմնուած է, եւ իր նպատակը եղած է օգտակար հանդիսանալ հայ ժողովուրդին անխտիր` սարքելով կրթական, բարեսիրական եւ մարզական կազմակերպութիւններու ի նպաստ ներկայացումներ:

Արդարեւ, իր հիմնադրութենէն ասդին, խումբը տուած է բազմաթիւ ներկայացումներ` Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Զահլէի, Շթորայի, Ազունիէի, Լաթաքիոյ, Այնճարի եւ այսօր ալ Դամասկոսի մէջ: Եւ ասոնք բոլորն ալ միշտ բարենպատակ` առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան:

«Հարս ու կեսուր»-ը վերջին տարիներուն Պոլսոյ մէջ ներկայացուած է աւելի քան 50 անգամ եւ գտած` ջերմ ընդունելութիւն. խօսակցութիւնը` պարզ, պատկերը` բնական, նիւթը` մերօրեայ կեանքէ առնուած, հարս ու կեսուրի ճղճիմ վէճեր, փուճ հաշիւներէ դրդուած եւ եսապաշտական խնդիրներէ հրահրուած:

Գլխաւոր դերերը վերցուցած էին Դ. Էվերեկեան (Սերոբ աղա)` աներ, տիկին Էվերեկեան (Հորոբ հանըմ)` կեսուր, իրենց որդին, տիկ. Տէր Գալուստեան (Զարուհի)` հարսը, պր. Ճապրայեան (Արամ)` հարսին եղբայրը, պր. Փանոսեան (Արզումանեան)` հարսին հայրը:

Բոլորն ալ ցուցաբերեցին վարժ խաղարկութիւն եւ ունէին լրիւ գիտակցութիւնը իրենց խաղացած դերերուն, եւ իրենց վարժ ու բնական խաղարկութեամբ, իրենց վրայ դրուած յոյսերը լիապէս արդարացուցին:

Ժ. ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Դամասկոս

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

2014-ին Միշտ Աւելի Տաք Օդ Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?