ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր վախերուն եւ կասկածներուն մասին խօսեցէք ձեր շուրջիններուն եւ ըստ այնմ վարուեցէք անոնց հետ: Նկատի առէք մարդոց բնաւորութիւնները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր պիւտճէին ուշադրութիւն ըրէք եւ նոր որոշումներ կայացուցէք, որպէսզի դուք ձեզի հաճոյք պատճառէք` առանց խորտակուելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ողորմութիւն պիտի ընէք, ձեր աջին տուածը ձախը չիմանայ, հրապարակաւ խօսիլը անձնասիրութիւն է, որ մեղք կը նկատուի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամական հանդիպումի մը ընթացքին պիտի արտայայտէք ձեր շնորհքները եւ կարողութիւնները: Ասիկա մասամբ ինքնագովութիւն կը նկատուի, շատերու համար: Հետեւաբար դուք ձեր մասին մի՛ խօսիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ կ՛ուզէք ձերբազատիլ ձեր անտեղի գաղափարներէն, մօտեցէք ձեր բարեկամներուն, որպէսզի մոռնաք չար միտքերը. բարեացակամ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պէտք եղածին չափ ժամանակ չէք տրամադրեր ձեր ընտանիքին: Ձեր սխալին անդրադարձէք, որպէսզի ձեր ընտանիքին մէջ խաղաղութիւնը հաստատուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վիպական մթնոլորտի մէջ պիտի ապրիք` ծաղկեփունջով մը ձեր սիրելիին հետ, գլուխ գլխի: Երջանկութիւնը ձեզի հետ է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընկերային հանդիպումի մը ընթացքին առաջին խօսողը դուք մի՛ ըլլաք: Ականջ տուէք շուրջիններուն խօսքերուն եւ ըստ այնմ դասաւորեցէք ձեր միտքերը: Օրը կը պահանջէ խոհեմութիւն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պարծանքը անյարմար կացութեան մէջ կը դնէ ձեզ: Ինքնագովութիւնը անհաճոյ անդրադարձ մը կ՛ունենայ շուրջիններուն վրայ: Հետեւաբար զգուշացէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բոլոր մտահոգութիւնները ձգեցէք Աստուծոյ վրայ, մի՛ տրտնջաք, ջանացէք օգտակար ըլլալ ձեր շուրջիններուն` նիւթապէս եւ բարոյապէս:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր բոլոր ուժերը ուրիշներուն մի՛ տրամադրէք, քիչ մըն ալ ուրիշներուն պահեցէք: Դուք ձեզի հոգ տարէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան վէճերէ հեռու մնացէք, նիւթապէս ձեր մասնակցութիւնը բերէք եղած ծախսերուն, որպէսզի անձնասէր չնկատուիք: Օրը ուրախ պիտի անցնի: