Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգի Երդմնաւոր Զինուորը

Յունուար 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010415_JinbashianՍտորեւ կու տանք Տիգրան Ճինպաշեանի խօսքը` Վահան Յովհաննիսեանին նուիրուած յիշատակի հաւաքին ընթացքին:

Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով ստեղծուած ափսոսանքի եւ ցաւի ցոյցերը աննախընթաց են իրենց տարողութեամբ: Վահանի հիւանդութիւնը եւ այդ հիւանդութեան ժխտական զարգացումը շատոնց յայտնի էին, ու եղերական վախճանը անխուսափելի էր: Մարդկային միտքը, ամէնէն աւելի անելանելի պայմաններու մէջ իսկ կը կառչի յոյսի նշոյլի մը, դրական ամենաչնչին նշանի մը, ու հրաշք կ՛ակնկալէ: Սպասուող մահուան մը իրականացումը այսպէս կը դառնայ անակնկալ, անժամանակ վախճան, մանաւանդ եթէ անիկա վաղաժամ է:

Ցաւի այս համատարած ու ինքնաբուխ արտայայտութիւնը, ժողովրդային այս յուզումը կը յուշեն, որ մեզմէ հեռացողը, իր կենդանութեան, վարքով ու գործով ազգի ակնկալութիւններուն, հաւաքական իղձերուն հարազատ արտայայտիչներէն մէկն էր եղած:

Գիտութեան մարդ, Վահան կրնար հնագիտութեան ասպարէզին մէջ յայտնի անուն մը դառնալ: Բազմաթիւ լեզուներով արտայայտուելու ու գրելու բնածին կարողութեամբ օժտուած մտաւորական, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան ու առհասարակ հայ մշակոյթին խորաթափանց ծանօթութեան տէր անհատ, ան կրնար դառնալ յայտնի ու տաղանդաշատ լրագրող մը, հրապարակագիր մը, գրող մը: Այդ բոլորը թէեւ եղաւ Վահան Յովհաննիսեան, սակայն մասնակիօրէն միայն, ի միջի այլոց:

Երիտասարդ ու խոստմնալից հնագէտը, երբ ծագեցաւ ղարաբաղեան պահանջատիրական պայքարը, Դաշնակցութեան առաջին քսանամեակի շատ մը օժտուած մտաւորականներուն նման, վար դրաւ գրիչը ու հետազօտական գործիքները եւ ինքզինք նետեց հայոց ազատագրական պայքարի նորագոյն դրսեւորման կրակներուն մէջ: Ու սկիզբէն իսկ տիրական ու ամբողջական մասնակցութեամբ: Ու այսօր կը վկայեն շատերը, որ Վահան եւս դաշնակցական մտաւորական մարտիկներու նմանողութեամբ, գտնուեցաւ պայքարի առաջին գիծերուն վրայ, գաղափարական զինուորի մը նման, որ կը հասնի հոն, ուր կը սպասեն իրեն, կ՛ակնկալեն, որ ներկայանայ ու իր անձին օրինակով, պայքարի ոգիով վարակէ շրջապատը:

Պահանջատիրական ներգործօն այս ոգին մնաց անկոտրում մինչեւ վերջ: Ո՛չ կուսակցական ու պետական պաշտօնները, ո՛չ բանտն ու հալածանքը չկրցան կասեցնել մտաւորական մարտիկի խոյանքը, որ մահուան ճիրաններուն մէջ գալարումի իսկ պայմաններուն տակ, հոգեկան ապրումներու ու պատմական ճշմարտութեան ոգեղինացման ամենավաւերական եղանակով` գրականութեան ճամբով, մեզի թողեց կտակ մը` իր միակ վէպը:

Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով, բազմիցս շեշտուեցան պետական մարդու իր արժանիքները: Նոյնիսկ ըսողներ եղան, որ պետական մտածողութիւնը կը վարագուրէր կուսակցականը: Ճշմարտութիւնը այն է սակայն, որ Վահան լաւագոյնս կը մարմնաւորէր դաշնակցական զինուորի, ազգի ու հայրենիքի զինուորի անյեղլի վարքագիծ մը, որ կը զսպանակէ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը ահա 124 տարիներէ ի վեր:

ՀՅ Դաշնակցութեան գոյութիւնը ինքնանպատակ չէ. ան ստեղծուած է բոլոր միջոցներով ծառայելու համար հայ ազգին ու հայոց հայրենիքին: Իր գաղափարական հանգանակին մէջ ոսկեայ տառերով ամրագրուած է, որ ազգին ու հայրենիքին շահերը գերիվեր են կուսակցական շահերէն, ինչպէս կուսակցութեան շահը գերիվեր է անհատ կուսակցականի շահերէն:

Վահան Յովհաննիսեան կրցաւ իր սեփական շահը ստորադասել կուսակցութեան շահին, իսկ կուսակցութեան շահը` հայկական պետականութեան շահին: Կա՞յ աւելի շքեղ դրսեւորում ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական մտածելակերպին, որ քննադատութեան, հալածանքի, բռնութեան առկայութեան իսկ կը շարունակէ իբրեւ ազգի երդմնաւոր զինուոր` ծառայել, բոլոր միջոցներով ծառայել, հայ ազգի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին:

Վահանը, իբրեւ դաշնակցական գաղափարական զինուոր, կը մնայ մեր կողքին, ինչպէս մնացած են Քրիստափորը, Զաւարեանը, Ռոստոմը, Հրայր Դժոխքը, Ռուբէնը ու հայ ազատագրական պայքարի բիւրաւոր երախտաւորները: Փա՜ռք իր վաստակին:

 

 

Նախորդը

Անուանի Հասարակական – Քաղաքական Գործիչը

Յաջորդը

Մեր Ժամանակներու Ամէնէն Վառ Անհատականութիւններէն Մէկը

RelatedPosts

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին
Գաղութային

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

Մայիս 10, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?