Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շամիլ Թայյար Կը Պնդէ, Որ Ռամազան Ագեիւրեք Պէտք Է Տինքի Հարցով Հարցաքննուի

December 15, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շամիլ Թայյար
Շամիլ Թայյար

«Մարմարա» կը գրէ, որ վերջին շաբթուան ընթացքին դարձեալ շատ խօսուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ետին գտնուած գաղտնիքին մասին: Ակնարկները դարձեալ կը վերաբերին Տրապիզոնի Ապահովութեան տնօրէն Ռամազան Ագեիւրեքին, որուն անունը միշտ յիշուեցաւ սպանութեան առաջին վայրկեանէն սկսեալ, սակայն մինչեւ այսօրուան անկանոնական հարցաքննութեան մը չենթարկուեցաւ: Այս օրերուն շատեր կը պնդեն, որ Տինքի սպանութեան գաղտնիքը պիտի չլուծուի: այնքան ատեն որ այս խնդիրին մէջ չի հարցաքննուիր Ագեիւրեք:

Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Շամիլ Թայյար «24 Հապեր» կայքին մէջ զետեղուած լուրի մը համաձայն ըսած է, որ ինք բացարձակապէս հաւանական չի նկատեր, որ Տինքի սպանութեան գաղտնիքը կը լուսաբանուի, մինչեւ որ մասնաւոր հարցաքննութեան չենթարկուի Ագեիւրեք: «Մինչեւ այսօր դժբախտաբար ասիկա չկատարուեցաւ», ըսած է ան եւ աւելցուցած. «Հրանդ Տինքի սպանութեան գլխաւոր հերոսը ո՞վ է: Էրհան Թունճելը կայ, Եասին Հայալը կայ: Կայ նաեւ Օկիւն Սամասթը, որ ատրճանակը գործածողն է: Սակայն կան ուրիշ դերակատարներ ալ: Սակայն կան երեք անուններ, որոնք ծանօթ են հանրային կարծիքին: Էրհան Թունճել ոստիկանութեան հաշուոյն լրատու լրտես է: Ո՞վ է, որ զինք շահեցուցած է Ապահովութեան տնօրէնութեան: Ռամազան Ագեիւրեքն է: Իսկ Եասին Հայալը ո՞վ շահեցուցած է: Դարձեալ Ռամազան Ագեիւրեքն է: Եասին Հայալ կոչուած մարդը 2004-ին մասնակցած է Տրապիզոնի մէջ «Մաք Տոնատզ» ճաշարանի ռմբահարման: Այս մասին հրահանգողն ալ Էրհան Թունճելն է: Այս պատճառով ան 6 տարի 8 ամիս բանտարկութեան պատիժ ստացած է: Սակայն Ապահովութեան տնօրէնը անոր թղթածրարին վրայ ձեռք դրաւ եւ իրեն ալ ըսաւ .«Մենք քու թղթածրարդ կրնանք մաքրել, սակայն ատոր փոխարէն դուն ալ մեզի համար պիտի աշխատիս»: Այս համաձայնութենէն ետք ան 11 ամիս վերջ ազատ արձակուեցաւ: Էրհան Թունճել եւ Եասին Հայալ այս կերպով սկսան աշխատիլ Ապահովութեան տնօրէնութեան հաշուոյն: Խնդիրը այն է, որ դատարանը այս մանրամասնութիւնը նկատի չառաւ մինչեւ այսօր:

Երեսփոխան Շամիլ Թայյարի կարծիքով, Տինքի սպանութեան գաղտնիքի բանալին կը գտնուի Ռամազան Ագեիւրեքի մօտ:

 

Նախորդը

Մահճուբեան Նշած Է, Թէ Ո՛ր Պարագային Պիտի Բացուի Հայաստան-Թուրքիա Սահմանը

Յաջորդը

Հասան Ճեմալ` Երեւանի Մէջ. «Չեմ Եկած Ըսելու Այն, Ինչ Որ Կ՛ուզէք Լսել»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.