Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահճուբեան Նշած Է, Թէ Ո՛ր Պարագային Պիտի Բացուի Հայաստան-Թուրքիա Սահմանը

December 15, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էթիեն Մահճուբեան
Էթիեն Մահճուբեան

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի խորհրդական Էթիեն Մահճուբեան «Ռուսիոյ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է այն պայմանը, որուն պարագային պիտի բացուի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը:

«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանը պիտի բացուի միայն փաթեթային լուծման պարագային, եւ ատիկա կը վերաբերի թէ՛ թուրք-հայկական, թէ՛ ալ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն», ըսած է Մահճուբեան:

«24 ապրիլ 2015-ը շատ խորհրդանշական թուական է, եւ ատոր մօտենալը կ՛աւելցնէ հայկական միջավայրին մէջ ծայրայեղականութեան աճը: Անոնք ատոր կը մօտենան ոչ  փոխզիջումային դիրքերէ», ըսած է խորհրդականը:

Մահճուբեան չի հաւատար, որ Թուրքիան պիտի ձեռնարկէ այնպիսի քայլերու, որոնք պիտի բաւարարեն հայկական կողմին պահանջները:

«Հայկական կողմի այդպիսի մօտեցման պարագային ցեղասպանութեան եւ սահմանի բացման հարցին մէջ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ զիջում կարելի չէ», յայտարարած է Մահճուբեան:

Ըստ անոր, եթէ նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ որոշ քայլեր առնուին, ապա միայն մէկ տարի ետք պիտի ըլլան, որովհետեւ միայն այդ ժամանակ կիրքերը պիտի հանդարտին:

Ան յիշեցուցած է, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ վարչապետ, այժմ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այդ հարցին առնչութեամբ ուղերձ յղած էր, ցաւակցած էր եւ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած այդ իրադարձութիւնները նկատած «երկու ազգերու ընդհանուր ցաւ»: Ըստ անոր, ատիկա որոշակի շեմ է, որմէ թրքական կողմը նահանջ պիտի չկատարէ:

Նախորդը

«Ակօս» Ցեղասպանութեան Մասին Օսմաներէն Փաստաթուղթ Մը Կը Հրապարակէ

Յաջորդը

Շամիլ Թայյար Կը Պնդէ, Որ Ռամազան Ագեիւրեք Պէտք Է Տինքի Հարցով Հարցաքննուի

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.