Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ պատրիարքական պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց Պաալպեքի Պթատհի աւանը` ցաւակցութիւն յայտնելով Ֆախրի ընտանիքի անդամներուն, որոնք երկու զոհ տուած էին վերջերս զինեալ միջադէպի մը ընթացքին: Ռայի պատրիարքը Ժաաֆար գերդաստանէն պահանջեց ապահովական ուժերուն յանձնել Ֆախրի ընտանիքի զոհերու յանցագործները` ընդգծելով, որ խաղաղութիւնը կը հաստատուի արդարութեան կիրարկումով միայն:
Նաեւ Առեւանգուած Զինուորականներու
Ծնողներուն
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց առեւանգուած զինուորականներու հարցին` «Աստուած ձեզ հետ է» ըսելով զինուորականներու ծնողներուն:
Առաջնորդ Մանսուր Հոպէյքայի մահուան քառասունքին առիթով Զահլէի Քսարա շրջանի մարոնիներու եկեղեցւոյ մէջ իր հանդիսապետած պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն ընտրելու երկրին նախագահը:


