Իր ձեռնարկած ապահովական միջոցառումներուն ծիրին մէջ, բանակը երէկ արգելափակեց հինգ «սուրիացիներ, որոնք կը գտնուէին «Նիսան-Արմատա» տիպի ճիփի մը մէջ: Արգելափակեալներէն երկուքը ապահովական նախընթացներով հետապնդումի ենթականերու ցանկին մաս կը կազմեն: Անոնք կ՛ուղղուէին դէպի Արսալի բարձունքները` ընկերակցութեամբ շէյխ Հուսամէտտին Ղալիի: Յետ խուզարկութեան ի յայտ եկաւ, թէ անոնք երկու ձեռնառումբեր եւ զինուորական այլ կազմածներ կը փոխադրէին իրենց հետ:
Երեկոյեան բանակը ազատ արձակեց իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ շէյխ Հուսամ Էտտին Ղալին:
Միւս կողմ, Ֆէյթրունի մէջ բջիջային հեռաձայնի վաճառատուն մը կողոպտել փորձող աւազակ մը` Էլի Իսամ Ժամալ անունով, վիրաւորուեցաւ եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ երէկ, երբ փորձեց իր որսի հրացանով հակազդել ապահովական ուժերուն:
Ապահովական Անցարգելներ`
Թրիփոլիի Մէջ
Նոյն ծիրին մէջ, բանակը խստացուց իր ապահովական քայլերը նաեւ Թրիփոլիի մէջ` անցարգելներ հաստատելով Թրիփոլիի զանազան թաղամասերուն մէջ:
Աւելի ուշ բանակը Թրիփոլիի Թըպպանէի շրջանին մէջ ցրուեց ցուցարարներու խումբ մը, որ եկած էր բողոքելու Թըպպաննէ -Ժապալ Մոհսեն դէպքերու վնասուց հատուցումի արժեզրկման դէմ:
Միւս կողմէ, Արսալի քաղաքապետը երէկ հերքեց, թէ բանակը քաշուած է Արսալէն` ընդգծելով, որ ընդհակառակն` բանակը ամրապնդած է իր դիրքերը Արսալի մէջ եւ անոր մերձակայքը:
Նախքան այդ բանակը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ յետ խուզարկութեան եւ հետապնդումի, ձերբակալած է երեք յանցագործներ, որոնք մեղսակցած էին բանակին դէմ կատարուած յարձակումներուն հիւսիսային Լիբանանի Մընիէ եւ Պհաննին շրջաններուն մէջ:


