ԻՐԱՔՑԻ գաղթականներու զօրակցութեան առաքելութեամբ, այսօր Պէյրութ կ՛այցելէ աւստրալիացի եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւն մը` երկօրեայ այցելութեամբ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Իլիասոն այսօր երկօրեայ այցելութեամբ Պէյրութ կը հասնի` խորհրդակցութիւններ ունենալու երկրի վարիչներուն հետ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հիւսիսային Լիբանանի Սալամ հիւանդանոցի տնօրէնութեան թելադրեց նախարարութեան հաշուոյն խնամել ու դարմանել վերջերս այրուածքէ տառապող սուրիացի մանուկ մը:
ԱՔՔԱՐԻ Հիթու շրջանին մէջ անձ մը վիրաւորուեցաւ անծանօթներու կողմէ ստացած կրակոցի հարուածներուն պատճառով:


