
Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով, որ Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն ետք մեկնած էր Սուրիա, դարձեալ վերադարձաւ Լիբանան, ուր շարունակեց իր հանդիպումները լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պետերուն հետ:
Այս շրջագիծին մէջ Պոկտանով այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը եւ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները:
Ռայի պատրիարքը եւ Պոկտանով ընդգծեցին Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Պոկտանով այցելեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի:
Պոկտանով հաստատեց, որ Ֆրենժիէի հետ քննարկած է լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները` լուսարձակի տակ առնելով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Մեհրապի մէջ Պոկտանով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Պոկտանով մեկնումի պահուն հաստատեց, որ Մոսկուա մտահոգ է շրջանային իրադարձութիւններով:
Ռուս պաշտօնատարը այցելեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի:
Հանդիպումին ընթացքին Պոկտանով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յանգիլ ներքին լիբանանեան այնպիսի համաձայնութիւններու, որոնց լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահը:
Նշենք, որ Պոկտանովի կատարած այցելութիւններուն ընթացքին անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին:


