Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Նախարարութեան այցելուներէն եղաւ նաեւ ֆրանսական «Ա. Էֆ. Տէ.» ընկերութեան նախագահը, որ նախարար Նազարեանին հետ քննարկեց բարգաւաճման ծրագիրներ ֆինանսաւորող այդ ընկերութեան իրականացնելիք կարգ մը ծրագիրները, որոնց շարքին` Քուրայի, Շեքքայի, Պաթրունի, Քեսրուանի եւ Քատիշայի կոյուղիներու ծրագիրները:


