
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք դեսպանը մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Պըրրիի այցելեց նաեւ վարձու շէնքերու եւ կալուածներու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը:
Քննարկուեցան կալուածներու սեփականատէրերուն եւ վարձուորներուն միջեւ համախոհութիւն եւ համաձայնութիւն գոյացնելու կարելիութիւնները:


