Երկրագունդի ռազմականացման մակարդակին վերաբերեալ Պոննի Փոխարկութեան միջազգային կեդրոնի հրապարակած հերթական հետազօտութեան մէջ, որ կ՛արտայայտէ 2013 թուականի իրադրութիւնը, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ամէնէն ռազմականացած երկիրներու տասնեակին մէջն են` յաջորդաբար երրորդ եւ տասներորդ դիրքերուն վրայ:
Զեկուցումը կազմելու ընթացքին հեղինակները համեմատած են տուեալ երկրի զինուորական ծախսերը համախառն ներքին արդիւնքի եւ առողջապահութեան ուղղուող ծախսերուն հետ, փորձած հասկնալ, թէ ընդհանուր պիւտճէի որ մասը կը յատկացուի զինուորական մարզին: Միւս ցուցանիշը բանակի անձնակազմի թիւն է, որ հեղինակները համեմատած են երկրի բնակչութեան թիւին հետ` հասկնալու համար, թէ ընդհանուր բնակչութեան քանի տոկոսը ներգրաւուած է զինուորական մարզին: Միւս չափանիշը տուեալ երկրին մէջ մէկ անձի բաժին եղող զէնքերու ծանր տեսակի քանակն է:
Պոննի կեդրոնը օգտուած է Սթոքհոլմի Խաղաղութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի, Միջազգային դրամական ֆոնտի, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներէն:
Այսպիսով, երկրագունդի ամէնէն ռազմականացած երկիրը, ըստ զեկուցումին, Իսրայէլն է, երկրորդը Սինկափուրն է, երրորդը` Հայաստան, որուն կը յաջորդեն Սուրիա, Ռուսիա, Կիպրոս, Հարաւային Քորէա, Յորդանան, Յունաստան եւ Ազրպէյճան: Ուշագրաւ է, որ Հայաստանի դրացի Վրաստան 47-րդ դիրքին վրայ է:
Հայաստան ըստ 2013 թուականի զեկուցումին` 150 երկիրներու շարքին չորրորդ դիրքին վրայ էր, Ազրպէյճան` 8-րդ:
1990 թուականէն իրականացուող այս հետազօտութեան հեղինակները կը նշեն, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ռազմականացածութեան բարձր մակարդակը պայմանաւորուած է երկու երկիրներուն միջեւ տարիներով ձգձգուող տագնապով: Մասնագէտները նաեւ կը նշեն, որ Ռուսիա երկու երկիրներուն ալ զէնք կը մատակարարէ:
Միջազգային կեդրոնի մասնագէտ Քոնրատ Շէյթըրի կարծիքով, իրավիճակը վտանգաւոր է, եւ քաղաքական դերակատարները պէտք է միջամտեն լարուածութեան հետագայ աճը կանխելու համար: Շէյթըր միաժամանակ կը նշէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմականացումը պէտք է դիտարկել ընդհանուր շրջագիծի մէջ: Մասնագէտին կարծիքով, ատիկա կապուած է այն զինուորական բարեփոխումներուն, որոնք Ռուսիա կ՛իրականացնէ 2008 թուականէն` արդիականացնելով սպառազինութիւններու համակարգը եւ մեծցնելով պաշտպանական կառոյցներու հզօրութիւնը:


