
Վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Փարիզ, այսօր Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, երէկ հանդիպում մը ունեցան Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Փարթոլոնի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք ֆրանսացի պատասխանատուներուն մօտ շօշափած է գիտակցութիւն` զինուորական օժանդակութեան Լիբանանի կարիքին առումով:
Նշենք նաեւ, որ վարչապետ Սալամ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ իրեն ներկայացուած է ֆրանսական նախաձեռնութիւն մը` նախագահական ընտրութեան վերաբերող:
Միւս կողմէ, կէս գիշերին Ֆրանսայի մէջ արտերկրի լիբանանցիներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ սէուտական օժանդակութեան շրջագիծին մէջ ֆրանսական զինուորական օժանդակութիւնները յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին պիտի հասնին Լիբանան:
«Լիբանանեան բանակը իր ստանալիք զինուորական օժանդակութեան ընդմէջէն ի վիճակի պիտի ըլլայ դիմադրելու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ յարձակող ահաբեկիչներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ահաբեկչութիւնը միայն Լիբանանը թիրախ չի դարձներ, այլեւ` ամբողջ Միջին Արեւելքը:
Անդրադառնալով առեւանգուած բանակայիններուն հարցին` վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ ինք հանգիստ պիտի չքնանայ, այնքան ատեն որ 25 բանակայիններ առեւանգուած կը մնան: «Մենք ճիգ պիտի չխնայենք փրկելու եւ ազատ արձակելու առեւանգուած բանակայիններն ու պահպանելու Լիբանանի արժանապատուութիւնը», հաստատեց ան:


