
Երէկ երեկոյեան յարձակումի ենթարկուած է Հայ ազգային քոնկրեսի փոխնախագահ, Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրէսի խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան: Այդ մասին iLur.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Հայ ազգային քոնկրեսի բանբեր Արման Մուսինեան: Ան նաեւ նշած է, որ շրջանին մէջ տեղադրուած տեսախցիկը նկարահանած է յարձակումը:
Անյայտ անձը կամ անձինք յարձակած են Մանուկեանի վրայ վերջինիս տան մուտքին մօտ: Պատգամաւորը վէրքեր ստացած է: Դէպքի վայր հասած են ոստիկանութեան աշխատակիցները: Արամ Մանուկեանին տրուած է դատաբժիշկի ուղեգիր:


