Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Իվ Լոտրիանի հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան զինուորականներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանատուներուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի մատուցուած երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ պիտի իրականանայ Ֆրանսայի կողմէ լիբանանեան բանակին զէնքի ու զինամթերքի տրամադրումը:
Մուքպել եւ Լոտրիան յայտնեցին, որ այս համաձայնագիրին գործադրութեան առումով խոչընդոտները արդէն իսկ վերացած են:
Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ ֆրանսական զէնքն ու զինամթերքը առաւելագոյնը մինչեւ յառաջիկայ յունուարի աւարտ պիտի հասնին Լիբանան:


