
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Մուսուլի ճակատամարտը մօտ է, եւ ատիկա շաբաթներու հարց է»:
«Արգելք չկայ, որ Իրան Իրաքի մէջ օդային հարուած կատարէ, այնքան ատեն որ յանձնառու կը մնայ այն պայմաններուն, զոր Պաղտատ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց», ըսաւ ան:
Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հրապարակած ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկը նեղ կացութեան մատնած է իրաքեան կառավարութիւնը, որուն անդամ են նախարարներ, որոնք այդ ցանկին վրայ ներառուած կարգ մը կազմակերպութեանց անդամ են: «Իրաքէն դուրս այդ կազմակերպութեանց ներկայութիւնը կը վերաբերի իւրաքանչիւր անհատի, որ ընտրած է Սուրիոյ մէջ զինեալներուն միանալ, եւ դժուար է այդ հարցին վերահսկել», նշեց Ժաաֆարի:


