ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ահաբեկչութեան առնչուած հարցերով ձերբակալած է 135 ամբաստանեալներ, որոնց շարքին` 26 օտարահպատակներ` լիբանանցի մը, 16 սուրիացիներ, 3 եմէնցիներ, եգիպտացի մը, պահրէյնցի մը եւ իրաքցի մը: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ 17 ձերբակալեալներ մեղսակից էին Աուամիյէի մէջ անկարգութեանց եւ իրաւապահներու դէմ հրացանաձգութեան, իսկ Քաթիֆի մէջ երեք անձեր ձերբակալուած են, որոնք Սէուտական Արաբիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու համար անձեր կը զինուորագրէին:
ԳԱՀԻՐԷԻ մէջ Բրիտանիոյ եւ Քանատայի դեսպանատուները յայտարարեցին, որ ապահովական պատճառներով կը դադրեցնեն հասարակութեան առնչուած իրենց ծառայութիւնները:
«ԱՆԱՏՈԼՈՒ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանեան իշխանութիւնները իրենց զինուորական ծախսերը բարձրացուցած են 10 միլիառ տոլարի` նշելով, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի` խորհրդարանին ներկայացուցած տարեկան պիւտճէն շուրջ 293 միլիառ տոլար է:
ՇՈՒՐՋ 5 հազար ցուցարարներ Սան Փաուլոյի մէջ քայլարշաւ մը կատարեցին` իբրեւ բողոք Պրազիլի մէջ փտածութեան եւ նախագահ Տելմա Ռուսեֆի քաղաքականութեան դէմ: Այս բողոքի քայլը 26 հոկտեմբերին Ռուսեֆի նախագահ ընտրուելէն ետք իր տեսակին մէջ 5-րդն է:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ` Ծոցի շրջանին մէջ ծովուժի մնայուն զօրակայան մը ունենալու քայլը Սուէզի շրջանէն հեռանալէն 40 տարի ետք Արեւելեան Սուէզի եւ Արաբական ծոցի շրջան վերադառնալու ռազմավարական քայլ մըն է: Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիլիփ Համընտ նախապէս յայտարարած էր, որ մինչ Միացեալ Նահանգներ հետզհետէ աւելի կը կեդրոնանան Ասիոյ վրայ, Բրիտանիան եւ Ֆրանսան Միջին Արեւելքի մէջ հետզհետէ աւելի ապահովական պատասխանատուութիւններ պիտի ստանձնեն:


