
«Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր Իրանի հետ բանակցութիւններ վարելու երկար ժամանակ եւ յոյս ունի հիւլէական խնդիրը լուծելու 3-4 ամիսէն:
«Մենք մտադիր չենք յաւերժ բանակցելու», ըսած է ան` նկատի ունենալով Իրանի հետ Վեցեակի բանակցութիւնները:
Ըստ անոր, կողմերուն միջեւ տակաւին էական տարակարծութիւններ կան: «Մենք չենք գիտեր` պիտի կարենա՞նք հասնիլ ճշդուած նպատակին», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան նաեւ հաղորդած է, որ բանակցութիւններու վերջին շաբաթներուն ընթացքին յառաջ քշուած են նոր գաղափարներ, որոնք հաւանաբար օգնեն հակասութիւններու յաղթահարման:


