ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ շաբաթասկիզբին պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր պիտի քննարկէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ անկարելի է ընտրական օրէնքի վաւերացման նիստ մը գումարել:
ՏԱՀԵՇ-ի իշխան Ապու Պաքր Պաղտատիի նախկին կինը` Սաժա Տուլայմի, որ ձերբակալուած է լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութեան կողմէ, յղի է, եւ անոր մօտ գտնուած է Պաղտատիէն նամակ մը, որուն մէջ ան իր կնոջմէն կը խնդրէ մոռնալ ամուսնալուծումը եւ վերադառնալ իր մօտ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ լուսաւորեց Պաթրունի տօնածառը. ան շեշտեց, որ Լիբանանը Լիբանան չէ առանց եկեղեցւոյ` աւելցնելով, որ եկեղեցին կարիքը ունի պետութեան:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանէն 20 երիտասարդներ ուղղուած են Թուրքիա` ՏԱՀԵՇ-ի կողքին կռուելու նպատակով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը Լիբանանի տարածքին ապահովական բոլոր միջոցառումներուն դիմած է` կանխարգիլելու համար ապահովական կայունութեան որեւէ խախտում:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ սահմանապահ ուժեր տեղակայուին:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ մարոնի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումի մը նախագիծը Պքերքէի օրակարգին վրայ չի գտնուիր:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ միակ լուծումը Սուրիոյ տեղահանուածներուն տունդարձով կարելի է ապահովել:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ բանակայինները առեւանգող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը փափաքին սպաննել եւ ոչ թէ բանակցութիւններու մասնակցիլ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը ահաբեկչութեան դէմ պայքարը անհրաժեշտ նկատեց:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծումը կարելի պիտի ըլլայ յառաջիկայ մարտին:


