Շրջանի քիւրտերուն եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը աճ արձանագրեց, երբ Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ քիւրտերը ներկայացնող կուսակցութիւններ ներկայացուցած են տուեալներ, որոնք Արաբ Բունարի եւ Սինճարի իրադարձութիւններուն մէջ Անգարայի մեղսակցութիւնը կը բացայայտեն:
Սուրիական Քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ղարիպ Հասօ «Մայատին»-ին յայտնած է, որ թրքական կառավարութեան եւ թրքական քաղաքականութեան խաղաքարտերը բացայայտուեցան. թրքական կառավարութիւնը կ՛աջակցի ՏԱՀԵՇ-ին եւ միջազգային հասարակութեան սպառնացող այդ միջազգային ահաբեկչութեան կողքին կը կանգնի իր Մուրշիտփինարի սահմանային անցքը բանալով ու ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն արտօնելով մուտք գործել Արաբ Բունար եւ այդտեղ անձնասպանական գործողութիւններ կատարել:
Իրանեան Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Իպրահիմ Զայիուի իր կարգին յայտնած է, որ եթէ Թուրքիա այս քաղաքականութիւնը շարունակէ, «մեր մարտիկները պիտի ուղարկենք ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ վտանգուած որեւէ շրջան եւ Անգարան պիտի դատենք այս դիրքորոշման համար, որ ի նպաստ իրեն չէ»:
Քրտական կուսակցութիւնները կը պահանջեն «միջազգային հետաքննիչ յանձնախումբ մը, որ Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն իր հողերը օգտագործելով Սուրիա եւ այդտեղէն Իրաք մուտք գործել արտօնելուն շուրջ հետաքննութիւն կատարէ»:
Իրաքեան Քրտական ազգային միութիւն կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ղաֆուր Մախմուրի կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Իրաք մուտք գործած են` օգտագործելով Մուրշիտփինար սահմանային անցքը, այդտեղ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցնելով եւ 11 զոհեր պատճառելով: Ան կը նշէ, որ ՏԱՀԵՇ ներկայիս Արաբ Բունարի դէմ յարձակում կը գործէ` մեկնելով Թուրքիոյ մէջ գտնուող Վարին Աթմանքելիէն եւ Վերին Աթմանքելիէն:
Քրտական 66 կուսակցութիւնները այս բոլորը քրտական հարցին դէմ թրքական կեցուածք կը նկատեն:


