Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքէն պահանջեց փակել Պեքաայի Քֆարզապատ ագարակը, որուն մէջ սատկած կովեր կը մորթուին:
Ապու Ֆաուր պահանջեց փակել նաեւ Տէյր Զնունի մէջ այդ ագարակին պատկանող մսավաճառը, որ կը վաճառէ այդ ագարակէն եկած միսերը:
Ապու Ֆաուր այս պահանջը ներկայացուց Զահլէի սննդագէտներուն կողմէ այս միսերուն վրայ կատարուած քննութիւններէն եւ այն փաստերէն ետք, որ այդ միսերը նեխած են եւ մարդոց կողմէ պէտք չէ ճաշակուին:
Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ «Թանմիա» գործարանին արտադրած մորթատելը սկսած է առողջապահական չափանիշները ամբողջացնել:


