Լիբանան այսօր պաշտօնական եւ ժողովրդային յուղարկաւորութեան արարողութեամբ հողին կը յանձնէ իր գրական մշակներէն` բանաստեղծ Սայիտ Աքլը:
Աքլի դիակը երէկ զետեղուեցաւ լիբանանցի հռչակաւոր քանդակագործ, բանաստեղծ Ռուտի Ռահմէի կողմէ յատուկ Աքլի համար քանդակուած, Մայրիի ծառի փայտով շինուած դագաղին մէջ, որուն վրայ փորագրուած էին բանաստեղծին անունն ու անոր գործերուն անունները:
Ամբողջ դար մը ապրած բանաստեղծին մարմինը ներքին ապահովութեան ուժերուն շեփորախումբին մահերգով եւ իր կատարած ասմունքներուն, գրած երգերուն եւ աղօթքներուն հնչիւններով երէկ հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ «Էն. Տի. Եու» համալսարանը, ուրկէ ան այսօր պիտի փոխադրուի Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցի, ուր պիտի կատարուի հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, ապա Աքլի յուղարկաւորութեան թափօրը պիտի ուղղուի Զահլէ, ուր ան պիտի յանձնուի հողին:
«Էն. Տի. Եու» համալսարանին մէջ Սայիտ Աքլի մահուան առիթով կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, որմէ ետք կարդացուեցան անոր տաղերը, ինչպէս նաեւ մեկնաբանուեցան երգի եւ շարականի վերածուած անոր բանաստեղծութիւնները:
Իր աշխատանքով ինքզինք անմահացուցած եւ իր սրտին մէջ Լիբանանը կրած բանաստեղծը այսօր կը վերադառնայ իր պաշտած երկրին գիրկը:


