
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Պելճիքա` ընկերակցութեամբ լիբանանեան պատուիրակութեան մը:
Պրիւքսելի մէջ վարչապետ Սալամ ընդունուեցաւ Պելճիքայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատայի կողմէ:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ պելճիքացի իր պաշտօնակիցին` Շարլ Միշելի հետ, ներկայութեամբ նախարարներ Նեպիլ տը Ֆրէյժի եւ Ալեն Հաքիմի, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարարին:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու միջոցները բացայայտելու ձեւերը:
Ան ընդգծեց, որ այս հանգրուանին Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն կացութիւն մը` նկատի ունենալով անոր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները, որոնցմէ են
տիրող շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւանքները` Լիբանանի եւ անոր ապահովական կայունութեան վրայ:
Վարչապետ Սալամ լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Լիբանան հասած մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներուն
պատճառած քաղաքական, ապահովական ընկերային եւ տնտեսական հարցերը:
Ան յոյս յայտնեց, որ Պելճիքա իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր շարունակէ իր դերակատարութիւնը` պահպանելու համար Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Իր կարգին, Միշել հաստատեց, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող պելճիքական ջոկատին աշխատանքները` ականուած շրջանները վնասազերծելու արշաւին առումով:
Միշել շեշտեց, որ Պելճիքա պատրաստակամ է օժանդակելու Լիբանանին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է նաեւ զօրաշարժի ենթարկել միջազգային ընտանիքը` զօրակցելու Լիբանանին եւ օժանդակելու անոր յատկապէս տեղահանուածներու գծով աջակցելու անոնց:
Միշել յայտնեց, որ քննարկած են նաեւ ապահովական իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք ընդգծած են ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը եւ խաղաղութեան հաստատումին համար պայքարելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, նախքան իր մեկնումը, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմն է առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը լուծելու պաշտօնական ներկայացուցիչը:
Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը կը դիմէ քաթարցի բանագնացին, որ պէտք է հետեւի իր աշխատանքին, «սակայն մենք տեղեակ չենք Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի պահանջներուն, որոնք անդադար փոփոխութեան կ՛ենթարկուին», ըսաւ ան:
Սալամ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը լրջօրէն կը հետեւի այս աշխատանքներուն, սակայն անոնց ընթացքը դանդաղ է բանագնացին պատճառով:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի կառավարութենէն պաշտօնապէս չէ խնդրած միջամտել բանակցութիւններուն, սակայն ան եւ ուրիշներ կը փորձեն, «իսկ իրարանցումին իսկական պատճառը այն է, որ զինեալները մնայուն կերպով պահանջ մը կը սպրդեցնեն, սպառնալիք մը կը կատարեն` փորձելով ճնշում բանեցնել առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն եւ կառավարութեան վրայ: Մենք լուռ կ՛աշխատինք, իսկ անոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն իրենք զիրենք պարտադրելու մեր վրայ: Սակայն մենք ոչ մէկ ձեւով տեղի պիտի տանք անոնց բանեցուցած ճնշումներուն դիմաց», հաստատեց Սալամ:


