Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» բրիտանական օրաթերթը բացայայտեց բրիտանական ուժերուն կողմէ լիբանանեան բանակին հետ համագործակցաբար կատարուող գաղտնի գործունէութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ բրիտանական ուժեր կը գտնուին Պեքաայի մէջ եւ անոնք կը հսկեն Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջանին` արգիլելու համար ՏԱՀԵՇ-ի մուտքը Լիբանան:
Ըստ օրաթերթին, բրիտանական ուժերը կը հսկեն Ռաս Պաալպեքի սահմանամերձ սուրիական սահմաններուն, ուր այդ ուժերը շատ արագ կրցած են բարձրացնել 12 հսկողութեան աշտարակներ եւ կատարած իրենց առաքելութիւնը, որպէսզի Ռաս Պաալպեքը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հակակշիռին տակ չանցնի եւ հոն սպանդ չգործուի:
«Տը Թելեկրաֆ»-ի համաձայն, բրիտանական ուժերուն կողմէ սարքուած այդ աշտարակները օժանդակած են լիբանանեան բանակին կասեցնելու ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հոսքը դէպի երկրին արեւմտեան շրջանները:
Հսկողութեան աշտարակները կանգնեցուեցան անցեալ յուլիսին, 17 օրուան ընթացքին, նախքան ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանեան սահմաններուն մօտ գործուած ընդարձակ յարձակումը, որուն մասնակցեցան նաեւ Քայիտայի հետեւորդ Ժապհաթ Նուսրայի հազարաւոր զինեալներ:


