Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Իրանի Խորհրդարանի Նախագահի Խորհրդական Հիւսէյն Շէյխ Իսլամը

December 2, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆաթհալի, Շէյխ Իսլամ եւ Պըրրի
Ֆաթհալի, Շէյխ Իսլամ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահի խորհրդական Հիւսէյն Շէյխ Իսլամը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Շէյխ Իսլամ յայտնեց, որ բոլորին համար յստակ է, որ շրջանը հսկայ ճնշումներու կ՛ենթարկուի, նոյնիսկ եթէ մենք կրցած ենք ռազմավարական սքանչելի յաղթանակներ արձանագրել:

Ան նշեց, որ նման զգայուն հանգրուաններու պարագային իրենք վարժուած են այցելել Լիբանան եւ խորհրդակցիլ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ, «իսկ քաղաքական եւ ազգային մեծագոյն անձնաւորութիւններէն է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ տեսակցելու պատիւը ունինք», ըսաւ ան:

Շէյխ Իսլամ աւելցուց, որ Սուրիոյ տագնապին առաջին իսկ վայրկեանէն Թեհրան ընդգծած էր սուրիացի ժողովուրդին խորհրդարանական պարկեշտ եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններ կատարելու առիթ տալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլար յստակացնել անոր ճակատագիրը: «Նկատի ունենալով, որ այդ ընտրութիւնները կատարուեցան, ապա կարելի է ընդգծել, որ դէպի ժողովրդավարութիւն առաջին քայլը առնուած կը նկատուի», ըսաւ ան:

Շէյխ Իսլամ ընդգծեց կողմնացոյցը դէպի իսրայէլեան գոյացութիւն ուղղելու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ եւ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Մոհամետ Պաասիրի:

 

Նախորդը

Ա. Նազարեան Այցելեց Տըպպայէի, Տայշունիէի Եւ Թալլեթ Խայեաթի Ջուրի Զտարանները

Յաջորդը

Պեքաայի Մէջ. Բրիտանական Ուժեր Կը Հսկեն Սուրիոյ Հետ Լիբանանի Սահմաններուն` Արգիլելու Համար ՏԱՀԵՇ-ի Մուտքը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.