20 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զարգացման նուիրուած հաւաք: Համայնքին հետաքրքրութիւնը գրաւելու համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը նոր բան չէ հնարած, այլ սկսած է բաց կերպով խօսիլ իր ծրագիրներուն մասին:
Փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան հանդէս եկաւ Արցախի ներդրումային կարելիութիւններուն եւ տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն շուրջ զեկուցումով:
Ան նկարագրեց, թէ ի՛նչ բարդ իրավիճակներու մէջ հարկադրուած են աշխատելու Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը եւ բնակչութիւնը: Սակայն պատերազմի վերսկսման մնայուն վտանգը ի վիճակի չէ կասեցնելու տնտեսութեան աճը, ինչ որ Ղարաբաղի իրական անկախութեան առարկայական հիմքը կը հանդիսանայ:
Աղաբեկեանի ցուցադրած աղիւսակէն տեսանելի էր, թէ ինչպէ՛ս տարուէ տարի կը նուազի Հայաստանի տնտեսական օգնութիւնը, եւ ինչպէ՛ս կ՛աճի սեփական տնտեսական ապահովութիւնը: Անոր խօսքով, Արցախը ունի տակաւին չգործարկուած կարելիութիւններ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն մէջ: «Ներդրումային առումով մենք ընդունած ենք օրէնքներ, որոնք նոր ներդրումային միջավայր կը ձեւաւորեն Արցախի մէջ, մասնաւորապէս շահութահարկի, ներդրումներու չափի հետ կապուած: Եւ ամէնէն կարեւորը, որ ներդրումային առումով լաւ միջավայր է Արցախը: Գալով Արցախ` նոյն օրը կարելիութիւն ունին հանդիպելու կա՛մ նախարարին, կա՛մ փոխվարչապետին, կա՛մ վարչապետին, իսկ աւելի խիստ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ նախագահին», ըսաւ փոխվարչապետը:
Ամփոփելով հանդիպումը` հաւաքի կազմակերպիչ, Ռուս-հայկական համագործակցութիւն կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նավոյեան նշեց, որ իրենց խնդիրն է ընդլայնել շահագրգիռ մարդոց շրջանակը, գտնել խիզախ ու հաւատարիմ գործընկերներ, եւ այդ մէկը ոչ միայն Արցախի, այլեւ ամբողջ հայութեան խնդիրն է:
Ռուս-հայկական համագործակցութիւն կազմակերպութիւնը առաջարկեց այս երկխօսութեան փորձին հիման վրայ Մոսկուայի մէջ Արցախի ներդրումային տարեկան մեծ հաւաք կազմակերպել:


