«Կը խ
նդրեմ բոլորէն, որ մահս սուգի առիթի չվերածէք, այլ` տօնակատարութեան, որովհետեւ ես իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին փորձած եմ ուրախացնել բոլորը»:
Ահաւասիկ Լիբանանի երգարուեստի առասպելին` Սապահի ձգած կտակը, որ երէկ իբրեւ վերջին ուխտ կատարուեցաւ` մեծ երգչուհիին համար կազմակերպուած
պետական եւ ժողովրդային յուղարկաւորութիւնը վերածելով յուզիչ տօնակատարութեան:
Սապահի յուղարկաւորութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին սկսաւ եւ աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, երբ անոր մարմինը յանձնուեցաւ հողին, իր ծննդավայրին` Պտատունի մէջ:
Սապահի յուղարկաւորութիւնը սկսաւ, երբ անոր դագաղը հասաւ վերջին տարիներուն իբրեւ մեծ երգչուհիին բնակավայր ծառայած «Պրազիլիա» պանդոկը, ուր լիբանանեան աւանդական տարազով զգեստաւորուած պարախումբ մը պարեց շրջանին մէջ հնչող Սապահի երգերուն ընկերակցութեամբ:
Ապա Սապահի մահուան շքախումբը ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութ, ուր եկած էին հազարաւոր քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արուեստագէտներ, որոնց շարքին նաեւ եգիպտացի դերասաններ, որոնք դիմաւորեցին «Արաբական երգի արեգակ»-ը:
Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ շրջակայքը հազարաւոր քաղաքայիններ ծափողջոյններով եւ զսպուած արցունքներով դիմաւորեցին «Սապպուհա»-ի դագաղը, որ եկեղեցւոյ մուտքին ծածկուեցաւ լիբանանեան դրօշակով եւ տողանցեց դէպի եկեղեցի:
Տողանցքը կատարուեցաւ յատուկ յուղարկաւորութեան առիթով ժամանած լիբանանեան բանակի նուագախումբին հնչեցուցած նուագներով, որոնք խորքին մէջ Սապահի երգած հայրենասիրական երգերն էին, յատկապէս` «Թըսլամ եա ասքար Լըպնան»-ը, որ հայրենասէր «Շահրուրա»-ն նուիրած է բանակին:
Սապահի երկրպագուները, որոնք երէկ անոր յուղարկաւորներն էին` իրենք երգեցին իրենց սիրած երգչուհիին երգերը:
Սապահի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամ, մեծ թիւով պետական պաշտօնատարներ, նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ, որոնք հաստատեցին, որ լիբանանեան երգարուեստին մէջ Սապահի յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ:
Արարողութիւնը նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ ընդգծեց, թէ Սապահ մահացած է, սակայն անոր ձայնը անմահ է:
«Սապահ իր մնայուն ժպիտով, կեանքին նկատմամբ սիրով եւ ազնիւ խօսքերով ուրախութիւն ցանեց բոլորին, յատկապէս համեստ դասակարգին կեանքին մէջ եւ ուրախ էր, որ մահացաւ առանց հարստութեան», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք Սապահի դագաղը հազարաւոր յուղարկաւորներու համեմատաբար աւելի բարձր ծափողջոյններով ուսամբարձ փոխադրուեցաւ դէպի Նահատակաց յուշարձան, ուրկէ թաղման թափօրին մաս կազմող ինքնաշարժները ուղղուեցան Ուատի Շահրուր եւ Պտատուն:
Ուատի Շահրուրի եւ Պտատունի մէջ հազարաւոր քաղաքացիներ իրենց կարգին լիբանանեան տապքէով եւ «Առասպել»-ին հնչեցուցած երգերով ու հրավառութեամբ ընդունեցին Սապահը:
Պտատունի քաղաքապետը յայտնեց, որ Սապահի յիշատակին թանգարան մը պիտի կառուցուի անոր ծննդավայրին մէջ:
Ապա Սապահի մարմինը ամփոփուեցաւ անոր ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Նոյնիսկ իր մահով ուրախութիւն սփռել փորձած երգչուհիին մասին կատարուած երէկուան բոլոր վկայութիւնները անխտիր անդրադարձան անոր առատաձեռնութեան, համեստութեան, իր բարձրացող հռչակին զուգահեռ նաեւ այլ արուեստագէտներ բարձրացնելու ջանքին, օտար երկիրներու մէջ Լիբանանը մարմնաւորելու յանձնառութեան, իր հայրենասիրութեամբ Լիբանանի մայրիներէն մէկը դարձած ըլլալու իրականութեան եւ բոլորին հոգիները ուրախացնելու անոր մարդկային մեծ արժանիքին:


