Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկրին մէջ առողջապահական չափանիշները ամբողջացնող սննդեղէնի պահպանումին ծիրին մէջ նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը շաբաթ երեկոյեան այցելած է Զահլէի «Սանթր Թաանայէլ» պանիրի եւ մածունի գործարանը` ստուգելու համար գործարանին արտադրութիւնները:
«Սանթր Թաանայէլ»-ի պահակը մերժած է առողջապահութեան նախարարութեան պատուիրակութեան արտօնել, որ մուտք գործեն գործարան, սակայն առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` Պեքաայի ընդհանուր դատախազ Ֆարիտ Քալլասի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք, ներքին ապահովութեան ուժերը բացին գործարանին դռները եւ արտօնեցին նախարարութեան պատուիրակութեան մուտքը:
Ըստ պատուիրակութեան, գործարանը ունի հինգ հսկայական սառնարաններ, որոնցմէ երեքը կը պարունակեն ժամկէտ անց, բորբոսած եւ նեխած արտադրութիւններ, մէկ սառնարանը ամբողջովին դատարկ էր իսկ վերջինին մէջ զետեղուած էին նոր արտադրութիւնները, որոնք կը պարունակէին որդեր, մժեղ եւ այլ միջատներ:
Նախարարութեան գործուղած պատուիրակութիւնը գործարանին մէջ բացայայտեց նաեւ թուական չկրող արուեստական նիւթեր, կարագ եւ քշըք:
Այս բոլորը բացայայտելէ ետք «Սանթր Թաանայէլ» կարմիր մոմով փակուեցաւ եւ այդ մասին ամբողջական տեղեկագիր մը յղուեցաւ Ապու Ֆաուրի, որ այսօր այդ գործարանին թղթածրարը պիտի փոխանցէ դատական իշխանութիւններուն եւ դատական հարց պիտի յարուցէ գործարանատիրոջ դէմ:
Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ առողջ սննդեղէնի այս արշաւը մնայուն կերպով պիտի շարունակուի:


