Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարցը Հետապնդող Յանձնախումբը Երէկ Երեկոյեան Գումարեց Արտակարգ Նիստ Մը

December 1, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1130_Kidnapped-soldiersԱռեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով կազմուած նախարարական յատուկ յանձնախումբը երէկ երեկոյեան գումարեց արտակարգ նիստ մը` վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաւէրով եւ անոր նախագահութեամբ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան այդ թղթածրարին առումով արձանագրուած զարգացումները:

Միւս կողմէ, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները շաբաթավերջին ուղղուեցան Պէյրութի մուտքը` Սայֆի, ուր անոնք քաղաքացիներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն վարդեր նուիրեցին` ընդգծելու համար, որ իրենք ներքին ապահովութեան ուժերուն դէմ չեն:

Ընտանիքները նշեցին, որ իրենց առած այդ քայլը լիբանանեան պետութեան նկատմամբ իրենց սէրը արտայայտելու նախաձեռնութիւն մըն է` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերը եւս իրենց զաւակներն են եւ իրենք խաղաղութեան զաւակներն են:

Շաբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ուղղուեցաւ Ռիատ Սոլհի հրապարակ, ուր այցելեց առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը ուղղակի բանակցած է առեւանգող կողմին հետ, եւ բարձր գնահատեց շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի (Ապու Թաքիէ) ի գործ դրած ջանքերը` արգիլելու համար բանակային Ալի Պազզալի գլխատումը:

Նշենք սակայն, որ Մուսթաքպալ հոսանքին յատուկ նախարարական աղբիւրներ ընդգծեցին, որ քաթարցի բանագնացը պիտի վերադառնայ Պէյրութ եւ վերստանձնէ բանակցութիւններու իր առաքելութիւնը:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ լիբանանեան պետութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ ուղղակի բանակցութիւններ պիտի չկատարէ:

Պէտք է աւելցնել, որ Ապու Թաքիէ երէկ հաստատեց, որ այսուհետեւ բանակայինները գլխատելու որոշումը կասեցնելու իմաստով Ժապհաթ Նուսրա պիտի չպահանջէ միայն Ժումանա Հմայետի ազատ արձակումը, այլ` պիտի պահանջէ գործադրել Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցած իր բոլոր պահանջները:

 

Նախորդը

Առողջապահութեան Նախարարութեան Հրահանգով «Սանթր Թաանայէլ» Կարմիր Մոմով Փակուեցաւ

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Երեսփոխան Մարուան Համատէն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.