Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին Սենեկալի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովին:
Տաքարի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամէնէն մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւնը կատարել, ինչպէս նաեւ վաւերացնել ընտրական օրէնք մը, որ ամէնէն աւելի ժողովրդավարական է եւ արդար:
Պասիլ նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի փոթորիկին դիմաց` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ տիրող ապահովական անկայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապը իրենց հետեւանքները կ՛ունենան Լիբանանի վրայ:
«Իր արդի պատմութեան մէջ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր գոյութեան սպառնացող ամէնէն վտանգաւոր օրերը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի համար լուրջ հարց է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն ստեղծած պայմանները:
Պասիլ նշեց, որ եթէ սուրիացի տեղահանուածներուն կողքին նաեւ նկատի ունենանք պաղեստինցի գաղթականները, ապա անոնց թիւը կը հասնի երկու միլիոնի, ինչ որ Լիբանանին մեծ կորուստներ կը պատճառէ` նկատի ունենալով պետութեան կողմէ անոնց մատուցուած օժանդակութիւններն ու մարդասիրական նպաստները:
«Այս իմաստով Լիբանանի կառավարութիւնը վաւերացուց յստակ ռազմավարութիւն մը եւ կոչ ուղղեց բոլորին օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան իր կարգին կարենայ օժանդակել ուրիշին», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով Լիբանանին ու շրջանին սպառնացող հաւատադրժողական վտանգին` Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան ինքզինք գտած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի թիրախը ըլլալու իրավիճակին մէջ` աւելցնելով, որ այդ խմբաւորումներուն նպատակն է վախ եւ ծայրայեղութիւն տարածել ամբողջ Լիբանանի մէջ:
Պասիլ շեշտեց, որ այդ խմբաւորումները ոչ մէկ կապ ունին լիբանանեան մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան, ինչպէս նաեւ բազմազանութեան վրայ հաստատուած քաղաքական վարչակարգին հետ:
«Այդ խմբաւորումներուն դէմ Լիբանանի պատասխանը եղաւ բանակին մղած կռիւը, դատական իշխանութիւններուն արձակած վճիռներն ու լիբանանցի երիտասարդութիւնը ծայրայեղութենէ պաշտպանելու նպատակով մշակուած բարեկարգումները», ըսաւ Պասիլ` կոչ ուղղելով օժանդակելու Լիբանանին:


