Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 1, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր սակրաւորները Արսալի բարձունքներուն վրայ կատարած իրենց հետախուզական արշաւին ընթացքին վնասազերծած են 20 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ կշռող ական մը, որ ճամբու մը եզերքը զետեղուած էր եւ պատրաստուած անթել հաղորդակցութեամբ պայթելու:

 

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ անկարելի նկատեցին, որ լիբանանեան պետութիւնը ազատ արձակէ ոճրագործները, որոնք անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու յանցանքով մուտք գործած էին Լիբանան եւ թիրախ պիտի դարձնէին անմեղ քաղաքացիները:

 

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Ապի Սամրայի ու Թըպպանէի մէջ կատարեց ներխուժումներ եւ ձերբակալեց մեծ թիւով յանցագործներ:

 

 

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաթարցի բանագնացին արձանագրած թերացումէն ետք, կառավարութիւնը որոշած է առեւանգող կողմերուն հետ ուղղակի բանակցիլ` շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի (Ապու Թաքիէ) միջնորդութեամբ:

 

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ կարելի չէ որեւէ պարագայի լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նախապայմաններ զետեղել: Ան շեշտեց, որ երկխօսութիւնը Լիբանանի մէջ խաղաղ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծէ:

 

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական սառած իրավիճակը բոլորը կը մղէ երկխօսութիւն կատարելու:

 

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ քննարկած է առեւանգուած բանակայինները չսպաննելու կարեւորութիւնը:

 

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սահմանադրական խորհուրդին տուած որոշումը կը փաստէ, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին առումով իրենց տուած որոշումը ճիշդ էր:

 

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի կեդրոնանայ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ:

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իր ճիգերը` պահպանելով հանդերձ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը:

 

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու-Մուրապիթուն շարժումի նախագահ Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ զօրակցութիւն յայտնեց երկխօսութեան ճիգերուն:

 

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Հըզպալլայի անկաշկանդ վարուելակերպը հիմնական հարց է:

 

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայն գտնուած է երկխօսութեան, սակայն Հըզպալլա ոչ մէկ ջանք ի գործ դրած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ մտերմանալու:

 

ՍԱՅՏԱՅԻ Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի միջամտութիւնը պաշտպանած է Լիբանանի բոլոր համայնքներն ու լիբանանեան բոլոր շրջանները:

 

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք կոչ ուղղեց վաւերացնելու լիբանանեան ազգային ռազմավարութիւն մը` դէմ դնելու համար հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգին:

 

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը վերածուած է քաղաքական, յարանուանական եւ աշիրեթական խորհուրդի:

 

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ Հըզպալլան ամբաստանեց առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները արգելակելու յանցանքով:

 

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը Լիբանանի տագնապի լուծման միակ միջոցն է:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի պատասխանատուներէն, նախկին նախարար Ալի Քանսօ կոչ ուղղեց երկխօսութեան եւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ զօրակցութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Պաթրուն կատարած իր այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` պահպանելու իրենց չէզոք կեցուածքը եւ շրջանային տագնապներուն միջամուխ չդառնալու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ մաղթեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուելիք երկխօսութեան շրջագիծին մէջ Հըզպալլային կը պարտադրուի հեռանալ Սուրիայէն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել սադրանքներէն:

 

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Խոստանայ Աջակցիլ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն

Յաջորդը

Տաքարի Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահը Եւ Քուէարկել Ի Նպաստ Ամէնէն Աւելի Ժողովրդավարական Նկատուող Ընտրական Օրէնքին» Կ՛ըսէ Ժըպրան Պասիլ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.