Անցնող շաբաթավերջին Աթէնքի ԻՔԱՓ ընկերութեան գրասենեակներու համալիրին մէջ իրագործուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղի կազմակերպած Ֆոնեթոնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը:
Յունահայութիւնը անգամ մը եւս յաղթահարելով երկիրը հարուածած տնտեսական ճգնաժամը, իր ջանքերը միացուց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համաշխարհային ծրագիրին: Այս տարի կարելի եղաւ գոյացնել 20.820 եւրօ գումարի խոստումներ` Յունաստանի ամբողջ տարածքին իրագործուած դրամահաւաքի հեռաձայնային արշաւէն: Այս գումարը պիտի գայ աւելնալու Եւրոպայի տարածքին ընթացած ընդհանուր նուիրահաւաքին, որ այս տարի կը կրէ «Ճամբայ դէպի Արցախ» ընդհանուր կարգախօսը` տրամադրուելով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ընթացող ծրագիրներուն, յատկապէս Հայաստանը Արցախին միացնող Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շինութեան երկրորդ եւ վերջնական հանգրուանի աշխատանքներուն:
Անցնող երկու օրերուն ընթացքին, շուրջ 17 ժամուան մէջ, նուիրահաւաքի կազմակերպման գործին մասնակցեցան կամաւոր երիտասարդներ, որոնք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղի վարչականներուն հետ միասին, համախմբուեցան ԻՔԱՓ ընկերութեան մէջ:


