107 տարի ետք Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը մատնուած է անուշադրութեան: Ժամանակին Մուշի հայերը տէր կանգնած են գերեզմանին, որպէսզի թուրքերը զայն չպղծեն: Այսօր անոնք ոչ միայն կը հսկեն, այլեւ կը պատրաստուին 8000 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունեցող հայկական գերեզմանատունը ցանկապատելու եւ դարձնելու հայ համայնքի սեփականութիւնը: Այս մասին «Հորիզոն»-ի փոխանցումով յայտնած է «Կեդրոն» պատկերասփիւռի կայանը:
Մուշի հայկական միութեան նախագահ Արմէն Գալուստեան կը յայտնէ, որ այդ գերեզմանատան մէջ թաղուած է հերոս մը` Գէորգ Չաւուշը, եւ իրենց համար ընդունելի չէ այդ վայրէն քարեր վերցուելու հարցը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արագած Ախոյեան իր կարգին կը նշէ, որ իրենք գերեզմանի վերակառուցման թոյլտուութիւն ստանալու համար դիմած են Անգարային եւ հաւանութիւն ստացած, այժմ մշեցի հայերու հետ կը քննարկեն, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի իրականացնեն այդ աշխատանքը:
Արագած Ախոյեանին այցելութեան եկած մշեցի հայերը կը շեշտեն, որ պէտք է համախմբել ոչ միայն Մշոյ, այլեւ Արեւմտահայաստանի բոլոր բնակիչները` թիկունք կանգնելու եւ հզօրացնելու համար Թուրքիոյ արեւելքին մէջ հայկական գործօնը` աւելցնելով, որ կորսուածը աստիճանաբար վերականգնելու միակ ուղին այդ է:
Հայկ-Ասլան Յովհաննիսեանը յայտնի ֆետայի Իսրոյի (Իսրօ Կորիւն) զարմիկն է եւ Մշոյ հայ համայնքի ղեկավարներէն մէկը: Ան կը պայքարի Մշոյ մէջ հայկական դպրոց-մանկապարտէզ բանալու եւ տեղւոյն հայերուն հայերէն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդելու համար: Հայկն ու Արմէնը կը յայտնեն, թէ հայ մնալու գլխաւոր գրաւականները հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը գիտնալն է:
Հայկ-Ասլան կը յայտնէ, որ թուրքերը մէկ տարի առաջ Մշոյ վերի թաղերուն հայկական բնակարանները քանդած են: Անոնք յայտնած են, որ այդ բնակարանները այժմ իրենց հսկողութեան տակ են եւ անոնց ճակատագիրը իրենք պիտի որոշեն, իսկ իրենք պայքարած են ու յաջողած պահել իրենց պապերէն մնացած ժառանգութիւնը, սակայն այդ մէկը պիտի չկարենային կատարել, եթէ չունենային սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ իրենց հայրենակիցներուն աջակցութիւնը:
Արագած Ախոյեան կը յայտնէ, որ այժմ իրենք ձեւեր կ՛որոնեն, որպէսզի հայերէնի ուսուցիչ ուղարկեն Մուշ եւ այդտեղի բնակիչները ստանան հայերէն կրթութիւն: «Այս հարցը շատ կարեւոր է, եւ պատուով պիտի լուծենք, որովհետեւ ասիկա առաջին գործնական քայլը պիտի ըլլայ, եւ այդ քայլով Մշոյ հայ համայնքը պիտի ամրապնդուի եւ հասկնայ, որ իրենք մինակ չեն», կ՛ըսէ ան:
Ներկայիս Մշոյ 100 հազարնոց բնակչութեան շուրջ 20 առ հարիւրը հայեր են, որոնց մեծ մասը իր ազգային ինքնութիւնը բացայայտած է: Տարօն-Մուշ միութեան ջանքերով շատերը կ՛ուզեն հայերէն սորվիլ, թէեւ դժուար է գտնել ուսուցիչներ, որոնք նոյնիսկ ժամանակաւորապէս պատրաստակամ ըլլան Թուրքիոյ մէջ ապրելու: Ըստ «Կեդրոն»-ի հաղորդման, առաջին «կամաւոր» ուսուցիչը արդէն պատրաստ է եւ ան շուտով Երեւանէն պիտի մեկնի Մուշ:


