Վարչապետ Թամամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով կատարուող բանակցութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Իպրահիմ վարչապետարանէն յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները կը շարունակուին` աւելցնելով, որ քաթարցի բանագնացը տակաւին իր առաքելութիւնը կը շարունակէ:
Նշենք սակայն, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ յետմիջօրէին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ անիւներ հրկիզեցին` բողոքելու համար իրենց զաւակները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն մասին զիրենք տեղեակ չպահելու կեցուածքին դէմ:
Վարչապետ Սալամ նախագահեց հաղորդակցութեան մարզի յատուկ նախարարական յանձնախումբին նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Հանդիպումէն ետք Հարպ յայտնեց, որ քննարկուած են բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութեան ցանցի տնօրինման նպատակով կատարուելիք նուազուրդի պայմանները` նշելով, որ նիստը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ եւ որդեգրուած են յստակ որոշումներ:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետը դժգոհ է կառավարութեան աշխատանքէն եւ ընդգծած է, թէ նախարարները աշխատանքները բարդացնելու փոխարէն պէտք է վերջ տան արգելակումներուն եւ դիւրացնեն այդ աշխատանքները:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Սալամ շեշտած է, որ լիբանանեան պետութիւնը կառչած կը մնայ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իր առաքելութեան:


