«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըրի հետ հանդիպումէն առաջ յայտարարած է, որ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարի ծրագիրին շուրջ Վեցեակի բանակցութիւնները հասած են «զգուշաւոր յառաջընթացի», սակայն տակաւին լուրջ տարակարծութիւններ կան:
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի, Քերրի ըսած է. «Յոյս ունինք, որ զգուշաւոր յառաջընթաց արձանագրուի, սակայն մենք ունինք լուրջ տարակարծութիւններ, որոնք կը փորձենք հարթել»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ Վեցեակի համակարգող Քեթրին Էշթընի հետ շաբաթ օր ունեցաւ 4-րդ եռակողմ հանդիպումը` Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու ընթացիկ վերջնական հանգրուանի ծիրին մէջ:
Բանակցութիւններու վերջնական հանգրուանը սկսած է 18 նոյեմբերին` Վիեննայի մէջ:
Բանակցութիւնները Կրնան
Մէկ Տարիով Երկարաձգուի՞լ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ ժընեւեան համաձայնութիւնները կրնան երկարաձգուիլ 6-12 ամիսով, եթէ կողմերը չկարենան քաղաքական փաստաթուղթի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:
Բանակցութիւններուն քաջածանօթ աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Այդպիսի կարելիութիւն գոյութիւն ունի: Հակառակ ատոր, կողմերը կը փորձեն տեսակէտները համապատասխանեցնել եւ յառաջիկայ օրերուն կ՛ակնկալեն համաձայնութեան կայացում»:
Ան հաստատած է, որ բանակցութիւններու մասնակիցները պատրաստ պիտի ըլլան այս հանգրուանը երկարաձգելու յաւելեալ 1-2 օրով` յառաջընթաց արձանագրելու համար: «Բանակցութիւնները աշխուժ են, եւ կարելի չէ ըսել, որ որեւէ յառաջընթաց չկայ», ըսած է ան:
Միւս կողմէ, Վիեննայի մէջ իրանեան լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու երկարաձգման մասին լուրերը պարզապէս տարաձայնութիւններ են, եւ Թեհրան զանոնք երկարաձգելու մասին բացարձակապէս չի մտածեր:
Նշենք, որ Քերրի երէկ հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ եւ զինք տեղեակ պահեց հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքէն:


