
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի փոխնախագահ Իլիաս Օմախանովի գլխաւորած ռուսական խորհրդարանական պատուիրակութեան մը հետ:
Ասատ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչութեան վերջ տալու համար նախ եւ առաջ պէտք է դէմ դնել կարգ մը պետութիւններու «արտածած» հաւատադրժողական գաղափարախօսութեան եւ ահաբեկիչները ֆինանսաւորողներուն, զինողներուն եւ անոնց Սուրիա մուտքը դիւրացնողներուն դէմ իսկական ճնշումներ գործադրել:
Ասատ նշեց. «Հաւատադրժողական մտածողութեան դէմ դնելը կը կարօտի ջանքերու, որոնք լուրջ են եւ ոչ թէ քարոզչական ու ցուցադրական»:
Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, ռուսական պատուիրակութիւնը վերահաստատած է, որ Ռուսիա կը կանգնի սուրիացի ժողովուրդին կողքին եւ դիմագրաւուած ահաբեկչական պատերազմին մէջ անոր տոկունութեան ամրապնդման, մանաւանդ որ Սուրիան ոչ միայն իրեն, այլեւ Ռուսիոյ ու քաղաքակրթուած ու համակեցութեամբ յատկանշուող այլ երկիրներու սպառնացող միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հիմնական ճակատն է:


