
«Ֆրանս 24» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը երէկ քուէարկած է յօգուտ օրինագիծին մը, որով Իսրայէլը կը հռչակուի «Հրէական պետութիւն»:
Ըստ այդ օրինագիծին, Իսրայէլ այսուհետեւ իրաւական գետնի վրայ պիտի ներկայացուի ոչ թէ իբրեւ «հրէական եւ ժողովրդավարական» պետութիւն, այլ իբրեւ «հրեայ ժողովուրդի ազգային օճախ»:
Այս օրինագիծին դէմ եղող պաշտօնատարները կը պնդեն, որ այս ձեւով Իսրայէլ կրնայ հաստատութենական մակարդակի բարձրացնել իր 1,7 միլիոն արաբ քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրականութեան քաղաքականութիւնը: Անոնք կը պնդեն նաեւ, որ իշխանութիւնները Իսրայէլի «հրէականութիւնը» ընդգծելով կը հակին «հակաժողովրդավարականութեան»:
Իսրայէլի մէջ արաբները կը կազմեն բնակչութեան քսան առ հարիւրը: Անոնք ժառանգորդներն են այն պաղեստինցիներուն, որոնք 1948-ին Իսրայէլի ստեղծումէն ետք մնացած են այդ տարածքին մէջ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Ֆրանսա մեծ սխալ պիտի գործէ, եթէ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնայ»:


