«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Կեզի հանրապարտէզին մէջ թրքական ոստիկանութիւնը երկրի գլխաւոր ընդդիմութեան ցոյցին դէմ արցունքաբեր կազ օգտագործած է:
Ոստիկանները այդ ձեւով ցրուած են Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչները, որոնք երէկ փորձած են Կեզի հանրապարտէզին մէջ մամուլին համար յայտարարութիւն ներկայացնել:
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները եւ այլ գործիչներ ցոյցին նախաձեռնած են «Աշխարհը գրաւէ՛ աւելի լաւը կառուցելու համար» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ: Ոստիկանութիւնը խափանած է ցոյցը` ըսելով, որ իշխանութիւնները սահմանած են ցոյցերուն համար թոյլատրելի վայրերը, որոնց մէջ Կեզին չի մտներ:
Անցեալ տարուան ամրան Կեզի հանրապարտէզը ոստիկանութեան եւ հասարակութեան միջեւ շատ լուրջ բախումներու թատերաբեմ դարձած էր:


