Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ այսօր կը մեկնի Թուրքմենիստան` մայրաքաղաք Աշկապատի մէջ մասնակցելու համար Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) մասնակից պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին:
Այցելութեան ծիրին մէջ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան առանձին հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հետ: Նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպում:


